Պըրրի Խորհրդարանը Հրաւիրեց Օրէնսդրական Նիստի

Ազատագրում եւ բարգաւաճում պլոքի նիստէն պահ մը

Ազատագրում եւ բարգաւաճում պլոքի նիստէն պահ մը

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ խորհրդարանը հրաւիրեց օրէնսդրական նիստի մը, որ պիտի գումարուի վաղը` չորեքշաբթի, 1 հոկտեմբեր 2014-ին, կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-ին, հիմնական օրակարգ ունենալով աշխատավարձի յաւելումներու օրինագիծը:

Նշենք, որ խորհրդարանի նախագահը երէկ նախագահեց խորհրդարանի դիւանի նիստին, որուն ընթացքին որոշուեցաւ խորհրդարանի օրէնսդրական նիստին օրակարգը:

Այս շրջագիծին մէջ, Պըրրի ընդունեց երկրագործութեան նախարար Աքրամ Շեհայէպը, որ գործուղուած էր Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթի կողմէ` քննարկելու համար օրէնսդրական նիստին մանրամասնութիւնները:

Միւս կողմէ, Պըրրի Այն Թինէի մէջ նախագահեց նաեւ Ազատագրում եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի նիստին, որուն ընթացքին համաձայնութիւն գոյացաւ աշխատավարձի յաւելումներու օրինագիծը վաւերացնելու` անոր համար առաջարկուած բարեփոխումներուն համաձայն:

Պէտք է աւելցնել, որ Պըրրի հարցազրոյցի մը ընթացքին հաստատեց, որ ինք խորհրդարանի օրէնսդրական նիստին եւ խորհրդարանի պաշտօնավարութեան երկարաձգումին միջեւ փոխանակում մը կատարելու մասին բնաւ չի մտածեր:

 

Share this Article
CATEGORIES