Հայ-Թրքական Արձանագրութիւններուն Հարցով Բանավէճ` Ազգային Ժողովին Մէջ
Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի Ժառանգութիւն խմբակցութեան պատգամաւոր Զարուհի Փոստանջեան երէկ Ազգային ժողովի նախագահ Գալուստ Սահակեանին հարցուց, թէ արդեօք հայ-թրքական արձանագրութիւնները դուրս պիտի մղուի՞ն Ազգային ժողովի մեծ օրակարգէն, եւ ի՞նչ պիտի ըլլայ անոնց ճակատագիրը:
Գալուստ Սահակեան պատասխանեց, թէ հարցումը հռետորական է եւ աւելցուց, որ ՄԱԿ-ի ամպիոնէն հանրապետութեան նախագահը արդէն անդրադարձած է այդ հարցին:
Միտքերու փոխանակման ժամանակ Փոստանջեան նոյն հարցին անդրադարձաւ` յայտարարելով. «Սերժ Սարգսեան ՄԱԿ-ի ամպիոնէն յայտարարեց, որ հայ-թրքական արձանագրութիւնները պէտք է ուղարկել գրողի ծոցը: Հիմա չեմ կարծեր, որ Ազգային ժողովը գրողի ծոցն է, հակառակ անոր որ կարելի է պնդումներ ընել, որ Ազգային ժողովը կը համապատասխանէ «գրողի ծոցին», որովհետեւ այստեղ սպաննուած են®.», ըսաւ Զարուհի Փոստանջեան, որ չհասաւ աւարտելու խօսքը, որովհետեւ Ազգային ժողովի փոխնախագահ Էդուարդ Շարմազանով ընդհատեց զինք եւ ըսաւ. «Պահպանեցէք քաղաքական ճշգրտութիւն եւ խօսեցէք բացառապէս օրակարգի վերաբերեալ: Թէ չէ «գրողի ծոցը, սպաննուած» եւ այլն® պէտք չէ նման բաներ խօսիլ, եւ կանոնակարգը մի՛ խախտէք, հակառակ պարագային` ստիպուած եմ անջատել ձեր խօսափողը»: «Պարո՛ն Շարմազանով, «գրողի ծոցը» արտայայտութեան հեղինակային իրաւունքը կը պատկանի ձեր կուսակցութեան ղեկավարին®», ընդգծեց Փոստանջեան: Էդուարդ Շարմազանով, այդուհանդերձ, կարգադրեց անջատել Զարուհի Փոստանջեանի խօսափողը:

