Գերմանիոյ Բողոքական Եկեղեցւոյ Խորհուրդը Կը Դատապարտէ Սրբոց Նահատակաց Եկեղեցւոյ Աւերումը

0929_Srpots-NahadagatsԻբրեւ հայ եկեղեցւոյ հետ համերաշխութեան նշան, Գերմանիոյ բողոքական եկեղեցւոյ խորհուրդը կը դատապարտէ ՏԱՀԵՇ-ի կողմէ եկեղեցիներու աւերումը: Գերմանիոյ բողոքական եկեղեցին սարսափով եւ զայրոյթով արձագանգած է ՏԱՀԵՇ-ի կողմէ Տէր Զօրի հայկական Սրբոց Նահատակաց եկեղեցւոյ պայթեցման:

Հայ առաքելական եկեղեցւոյ Գերմանիոյ թեմի առաջնորդ Գարեգին եպս. Պեքճեանին ուղղուած նամակին մէջ խորհուրդի նախագահ Նիքոլաուս Շնայտըր եւ արտերկրի հարցերով եպիսկոպոս Փեթրա Պոսէ-Պուպըր իրենց կարեկցանքը յայտնած են:

«Մենք գիտենք, որ այս եկեղեցին նաեւ ցեղասպանութեան յուշահամալիր էր, որ կը յաւերժացնէր 1915-ին հայ քրիստոնեաներուն դէմ Օսմանեան կայսրութեան մէջ կատարուածին յիշատակը: Տեղեակ ըլլալով այս սարսափելի աւերիչ գործողութիւններուն` կը խնդրեմ վստահ ըլլաք, որ մենք մեր զօրակցութիւնը կը յայտնենք հայ հաւատացեալ քոյրերուն եւ եղբայրներուն, Միջին Արեւելքի քրիստոնեաներուն եւ բոլոր այն մարդոց, որոնք կը տառապին Իսլամական պետութեան գործողութիւններէն, եւ կ՛աղօթենք անոնց համար», ըսած են անոնք:

«Մենք կը մերժենք թէ՛ ՏԱՀԵՇ-ի կողմէ մարդոց դէմ կիրարկուող բռնութիւնը, թէ՛ կրօնական եւ պատմական տեղագրութեան ոչնչացումը», նշած են Շնայտըր եւ Պոսէ-Հուպըր` աւելցնելով. «Վստահ ենք, որ եկեղեցիներու եւ յուշակոթողներու աւերումը երբեք չի կրնար սրբել տեղի ունեցած անարդարութեան մասին յիշողութիւնը»:

Միւս կողմէ, գերմանական «Ֆրանքֆուրթըր ալկեմայնէ» օրաթերթը անդրադարձած է եկեղեցւոյ ականահարման: Օրաթերթը կը նշէ, որ հայերուն համար սուրիական Տէր Զօր քաղաքը նոյն նշանակութիւնն ունի, ինչ որ հրեաներուն համար Օշուիչը: 1915-1916-ին Եփրատ գետի երկայնքով, հարիւր հազարաւոր հայեր, որոնք ըստ Երիտասարդ թուրքերու պաշտօնական ձեւակերպման Թուրքիայէն «տեղահանուած» եւ փրկուած էին, իրականութեան մէջ բաց համակեդրոնացման ճամբարի մէջ սպաննուած կամ սովի մատնուած են:

«Ցեղասպանութեան նահատակներու յիշատակը յաւերժացնող եկեղեցին կը վկայէր հայոց պատմութեան դժնդակ էջերուն մասին: Եկեղեցին ոգեկոչման վայր էր, թանգարան եւ այն ժամանակ սպաննուած անթիւ հայերու աճիւններու վերջին հանգրուան», կը գրէ թերթը:

Պարբերականը կը յիշեցնէ, որ եկեղեցին յուշակոթող էր, որովհետեւ անիկա այլեւս գոյութիւն չունի: ՏԱՀԵՇ-ի բարբարոսները զայն պայթեցուցած են:

«Տակաւին ապրիլին ՏԱՀԵՇ-ը գրաւած էր Քեսապ քաղաքը եւ զայն աւերած: Անիկա կը գտնուի առասպելական Մուսա լեռէն հարաւ` Թուրքիոյ սահմանին վրայ, ուր մեծամասնութեամբ ցեղասպանութենէն փրկուած հայեր կ՛ապրին: սակայն Տէր Զօրի եկեղեցւոյ պայթեցումը հայերուն համար անհամեմատ աւելի ցաւոտ է: Ամէն տարի աշխարհի տարբեր անկիւններէն հայեր ապրիլ 24-ին այնտեղ կը հաւաքուին` ոգեկոչելու համար ցեղասպանութեան օրը: Յաջորդ տարի, երբ պիտի նշուի ցեղասպանութեան 100-ամեակը, Տէր Զօրի մէջ անիկա այլեւս պիտի չոգեկոչուի», կը գրէ օրաթերթը:

 

 

 

Share this Article
CATEGORIES