Մինասեան. «Ընտրուած Է Խոշոր Առեւտուրը Ստուերէն Դուրս Բերելու Ոչ Արդիւնաւէտ Ձեւերէն Մէկը»
Յաճախ կրկնուող դէպք է, երբ մեր տնտեսվարող մարմինները, մեր քաղաքացիները օրէնքներուն կ՛անդրադառնան այն ատեն, երբ այդ օրէնքները կը սկսին իրենց նկատմամբ կիրարկուիլ: Օրէնքի ընդունման ժամանակ ես եղած եմ այն մարդոցմէ որոնք այս վիճակը կանխատեսած էին», ըսաւ Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան պատգամաւոր Արծուիկ Մինասեան, «Առաջին լրատուական»-ի հետ զրոյցին ընթացքին: Ան աւելցուց, որ բազմաթիւ նուաճումներու հետ «Շրջանառութեան հարկի մասին» օրէնքը հսկայական վտանգներ կը պարունակէ փոքր եւ միջին առեւտուրի մասով, նաեւ կան այլ տարբեր վտանգներ:
Ըստ Ա. Մինասեանի, սուրը պէտք է ճօճել օրէնքներու քննարկումներուն ընթացքին:
Ի դէպ, Ազգային ժողովին մէջ օրէնքի քննարկումներուն ընթացքին Արծուիկ Մինասեան պարբերաբար կը շեշտէր, որ օրէնքի պահանջով փոքր կառոյցները պիտի դառնան խոշոր ընկերութիւններու հարկային պարտաւորութիւնները գանձելու գործակալներ: «Անշուշտ, խոշորը ստուերէն դուրս բերելու ամէնէն ոչ արդիւնաւէտ ձեւերէն մէկը ընտրուած է: Մենք ի՞նչ կ՛առաջարկենք. կ՛առաջարկենք, որ փոքրէն մինչեւ խոշոր հարկային համակարգը ապահովէ հանգրուանային անցում, որուն ընթացքին պէտք է բացառել ներքեւէն շրջանառութեան ծաւալներով պայմանաւորուած` աւելի մեծ հարկման որեւէ համակարգի կիրարկում», ըսաւ պատգամաւորը:

