Քրոտով. «Հայաստան, Անդամակցելով Եւրասիական Տնտեսական Միութեան, Պիտի Դառնայ Միութեան Լիիրաւ Անդամ»
Հայաստան, անդամակցելով Եւրասիական տնտեսական միութեան, պիտի դառնայ միութեան լիիրաւ անդամ: Այս մասին յայտարարեց Ռուսիոյ Պետական տումայի նախագահի խորհրդական Միխայիլ Քրոտով` Հայաստանի Ազգային ժողովի փոխնախագահ Էդուարդ Շարմազանովի հետ երէկ ունեցած հանդիպումին ընթացքին:
Ըստ Քրոտովի, իր եւ Պետական տումայի ԱՊՀ-ի, եւրասիական համարկման եւ հայրենակիցներու հետ հարցերով յանձնախումբի նախագահի առաջին տեղակալ Օլեկ Լեպետեւի Երեւան այցելութեան նպատակն է քննարկել խորհրդարանական խմբակցութիւններու մակարդակով համագործակցելու ձեւաչափն ու ուղիները:
Ազգային ժողովի փոխնախագահի գրասենեակի հաղորդագրութիւնը կը նշէ, որ Շարմազանով ընդգծած է հայ – ռուսական դարաւոր բարեկամութիւնը եւ ըսած, որ երկու երկիրներուն միջեւ քաղաքական եւ ռազմավարական կապերը կայուն զարգացման հանգրուանի մէջ են:
Հայաստանի խորհրդարանի փոխնախագահը դրական գնահատած է Ռուսիոյ` իբրեւ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահող երկրի ջանքերը` ուղղուած Լեռնային Ղարաբաղի խնդիրի խաղաղ լուծման, ինչպէս նաեւ շնորհակալութիւն յայտնած է Ռուսիոյ իշխանութիւններուն` տակաւին 90-ական թուականներուն Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման մասին օրէնք ընդունելու համար:

