Հայաստան Կրնայ Եւրասիական Տնտեսական Միութեան Անդամ Դառնալ 2 Յունուարէն
Հայաստան արդէն իրականացուցած է Եւրասիական տնտեսական միութեան անդամակցութեան ճամբու քարտեսը: Այս մասին ըստ «ՌԻԱ նովոսթի»-ի յայտարարած է Ռուսիոյ տնտեսական զարգացման նախարարութեան ԱՊՀ-ի երկիրներուն հետ Մաքսային միութեան եւ տնտեսական համագործակցութեան մարմիններու հետ գործակցութեան բաժանմունքի փոխտնօրէն Աննա Սիսոյեւա, Ռուսիոյ Դաշնակցային խորհուրդի միջազգային յարաբերութիւններու յանձնախումբի նիստին:
«Հայաստան կրնայ Եւրասիական տնտեսական միութեան անդամ դառնալ արդէն 2 յունուար 2015-էն: Համաձայնագիրի վաւերացումը կ՛ընթանայ զուգահեռ, բայց կարելի չէ ատիկա նոյն օրը ընել», ըսած է Սիսոյեւա` աւելցնելով, որ Ղազախստան այդ համաձայնագիրը պիտի վաւերացնէ 2 հոկտեմբերին, իսկ Պիելառուսիա` 7 հոկտեմբերին: «Բայց, ընդհանուր առմամբ, մենք կ՛ակնկալենք, որ 10 հոկտեմբերին, երբ նախագահները կը հաւաքուին Մինսքի մէջ, մենք անոնց համար յայտարարութիւն կը պատրաստենք այն մասին, որ բոլոր երեք երկիրները աւարտած են վաւերացումը եւ պատրաստ են 2015-էն անդամագրման համաձայնագիրին ուժի մէջ մտնելուն», աւելցուցած է ան:
Եւրասիական տնտեսական միութեան ընդլայնման կարելիութեան անդրադառնալով` Սիսոյեւա ըսած է, որ Խըրխըզիստանի մէջ այս պահուն ճամբու քարտեսը կը մշակուի, իսկ Հայաստան արդէն ատիկա ըրած է:
«Միացման մասին համաձայնագիր պատրաստուած է, եւ եթէ ամէն բան կայանայ եւ չձախողի, մենք կ՛ենթադրենք, որ 10 հոկտեմբերին Մինսքի մէջ նման համաձայնագիր կը ստորագրուի, ինչ որ Հայաստանի համար կը նշանակէ 2015 թուականի 2 յունուարէն դառնալ Եւրասիական տնտեսական միութեան անդամ», յայտարարած է Սիսոյեւա:

