ՄԱԿ-ի Զարգացման Ծրագիրի Կառավարիչը Տեսակցեցաւ Նախագահ Սարգսեանի Եւ Նախարար Նալբանդեանի Հետ
ՄԱԿ-ի Զարգացման ծրագիրը Հայաստանի մէջ է` հաստատակամօրէն օժանդակելու համար երկրի զարգացման: Երէկ այս մասին յայտարարեց ՄԱԿ-ի Զարգացման ծրագիրի կառավարիչ Հելեն Քլարք` Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեանի հետ երէկ ունեցած հանդիպումին ընթացքին:
Առաքելութիւնը իրականացնելու համար Քլարք կարեւոր նկատեց Հայաստանի կառավարութեան հետ երկրի զարգացման առաջնահերթութիւններու քննարկումը: Սարգսեան իր կարգին ընդգծեց, որ տարբեր մարզերու մէջ իրականացուած բարեփոխումներու, բազմաթիւ համայնքներու մէջ զարգացման ծրագիրներու իրականացման գործին մէջ զգալի է ՄԱԿ-ի հայաստանեան գրասենեակի աշխատանքը:
Հելեն Քլարք շնորհակալութիւն յայտնեց ՄԱԿ-ի եւ անոր տարբեր կառոյցներու գործունէութեան Հայաստանի գործուն եւ շահագրգիռ մասնակցութեան, ներառեալ` կազմակերպութեան խաղաղապահ գործողութիւններուն մասնակցելու որոշման համար: Ան նաեւ շնորհակալութիւն յայտնեց ՄԱԿ-ի գաղթականներու հարցերով գերագոյն յանձնակատարի գրասենեակին համար Հայաստանի հանգանակութեան եւ Սուրիոյ տագնապին պատճառով այդ երկրէն Հայաստան տեղափոխուած հազարաւոր սուրիացիներու աջակցութեան, ՄԱԿ-ի նոր օրակարգի մշակման մասնակցելու Հայաստանի պատրաստակամութեան համար, որուն մասին նախագահ Սերժ Սարգսեան յայտարարեց Նիւ Եորքի մէջ ՄԱԿ-ի Ընդհանուր ժողովին ընթացքին:
Զրուցակիցները նաեւ անդրադարձան շրջանի խնդիրներուն եւ մարտահրաւէրներուն:
ՄԱԿ-ի Զարգացման ծրագիրի կառավարիչ Հելեն Քլարք նաեւ տեսակցեցաւ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեանի հետ, որ ըսաւ. «Հայաստան բարձր կը գնահատէ ՄԱԿ-ի հայաստանեան գրասենեակի գործունէութիւնը եւ, մասնաւորապէս, ՄԱԿ-ի Զարգացման ծրագիրի աջակցութիւնը Հայաստանի զարգացման, տարբեր մարզերու խնդիրներու լուծման ուղղուած օժանդակութիւնը»:
Քլարք իր կարգին ըսաւ, որ անցեալ տարիներուն Հայաստանի իշխանութիւններուն հետ արդիւնաւէտ համագործակցութիւնը կարելիութիւն ընձեռած է մեծ ծրագիրներ իրականացնել երկրին մէջ, յառաջ մղել ՄԱԿ-ի հռչակած Հազարամեակի նպատակներու իրագործումը:
Տեսակցութեան մասնակիցները միտքեր փոխանակեցին աշխարհի տարբեր վայրերու մէջ ՄԱԿ-ի Զարգացման ծրագիրին կողմէ իրականացուող առաքելութեան եւ համաշխարհային խնդիրներու լուծման ուղղուած գործունէութեան վերաբերեալ, քննարկուեցան միացեալ ջանքերով իրականացուած ծրագիրներու արդիւնքները, հետագայ ընելիքներն ու հեռանկարային նախագիծերը:
Կողմերը նաեւ անդրադարձան միջազգային հրատապ խնդիրներուն եւ անոնց լուծման հոլովոյթներուն մէջ ՄԱԿ-ի դերակատարութեան: ՄԱԿ-ի Զարգացման ծրագիրի ղեկավարը բարձր գնահատեց Հայաստանի մասնակցութիւնը խաղաղապահ գործողութիւններուն:
Զրոյցին ընթացքին կարեւոր նկատուեցաւ ՄԱԿ-ի մասնագիտացած կառոյցներուն հետ Հայաստանի համագործակցութիւնը եւ մասնակցութիւնը անոնց աշխատանքներուն:
Զրուցակիցները խոր մտահոգութիւն յայտնեցին Միջին Արեւելքի, Սուրիոյ եւ Իրաքի մէջ ահաբեկիչներուն կողմէ իրականացուող բռնութիւններուն: Այս առումով Նալբանդեան ողջունեց անցեալ շաբաթ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդին մէջ միաձայնութեամբ ընդունուած բանաձեւը, որ կը ճշդէ ծայրայեղականներուն դէմ պայքարի հիմնական ուղղութիւնները:
Անդրադառնալով ղարաբաղեան տագնապին` նախարար Նալբանդեան ըսաւ. «Ազրպէյճանական կողմը կրկին ցոյց տուաւ, որ տակաւին պատրաստ չէ հիմնախնդիրի լուծման միջազգային հանրութեան կողմէ եռանախագահներուն միջոցով ներկայացուած միջազգային իրաւունքի չափանիշներուն եւ սկզբունքներուն հիման վրայ:
Իսկ խօսելով հայ-թրքական արձանագրութիւններու ճակատագիրին մասին` նախարարը ըսաւ. «Պաշտօնական Երեւանը չի յստակացներ, թէ խորհրդարանէն ե՛րբ ետ պիտի կանչուին հայ-թրքական արձանագրութիւնները: Եթէ այդպիսի բան ըլլար, Հանրապետութեան նախագահը թերեւս կ՛ըսէր այդ մասին, բայց ինք ըսաւ այն, ինչ որ ըսած է: Աւելցնելու ոչինչ ունիմ»:

