Կարլեն Մկրտչեան Վերադարձաւ Ֆութպոլի Դաշտերը

Կարլեն Մկրտչեան (ձախին) եւ Ռումեան Յովսէփեան

Կարլեն Մկրտչեան (ձախին) եւ Ռումեան Յովսէփեան

Նախորդ շաբաթավերջին Մեթալուրկ Տոնեցք ֆութպոլի բարեկամական մրցում մը կատարեց Քիեւի Պուչա խումբին դէմ:

Բ. կիսախաղին դաշտ ներկայացան Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի միջնապահներ Ռումեան Յովսէփեան եւ Կարլեն Մկրտչեան:

Նշենք, որ բաւական երկար ժամանակէ ի վեր Մկրտչեան հեռու կը մնար ֆութպոլի դաշտերէն` փորձելով լաւապէս ապաքինիլ:

Նշենք, որ Մեթալուրկի մաս կազմող Յովսէփեան եւ Մկրտչեան հրաւիրուած են Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքական` մասնակցելու համար Ֆրանսայի եւ Սերպիոյ դէմ տեղի ունենալիք մրցումներուն:

Share this Article
CATEGORIES