ՏԵՍԱԿԷՏ. ԻՍԿ ԱՅԺՄ ՀԱՅԱՍՏԱՆ – ԹՈՒՐՔԻԱ ԱՐՁԱՆԱԳՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒՆ ՁԱԽՈՂՈՒԹԵԱՆ ՊԱՏՃԱՌԸ ԹՐՔԱԿԱՆ ԸՆԴԴԻՄՈՒԹԻՒ՞ՆՆ Է
Թրքական «Հիւրրիյէթ» օրաթերթը կը գրէ, որ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Հիլըրի Քլինթըն Թուրքիա կատարած իր այցելութեան ընթացքին հանդիպում ունեցած է ընդդիմադիր Հանրապետական ժողովուրդի կուսակցութեան ղեկավար Քեմալ Քըլըճտարօղլուի հետ եւ անոր յայտնած, որ թրքական իշխանութեանց ներկայացուցիչները իրեն ըսած են, թէ Հայաստան – Թուրքիա արձանագրութիւնները վաւերացման համար խորհրդարան չեն ներկայացուիր, որովհետեւ Հանրապետական ժողովուրդի կուսակցութիւնը անոնց դէմ կ՛արտայայտուի:
Այդ խօսքերը ապշեցուցած են Քըլըճտարօղլուն, որ տեղին նշում մը կատարելով յայտնած է, որ Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի գլխաւորած Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութիւնը խորհրդարանին մէջ մեծամասնութիւն կը կազմէ եւ ցանկութեան պարագային կրնայ վաւերացման ներկայացնել այդ արձանագրութիւնները: Պէտք է աւելցնել, որ Էրտողանն ու իր կուսակիցները նախապէս ալ այդ կարողութիւնը ունէին:
Հայաստան – Թուրքիա այլապէս ալ տխրահռչակ եւ մերժելի արձանագրութիւններու վաւերացման հոլովոյթին սառեցումը ներքաղաքական պայքարով արդարացնելու թրքական իշխանութեանց փորձը ոչ միայն ծիծաղելի է, այլ նաեւ աշխարհի միակ գերպետութեան արտաքին գործոց նախարարին նկատմամբ անյարգալից վերաբերմունք: Արդարեւ, Քլինթըն քաջածանօթ է այն իրողութեան, որ այդ հոլովոյթը կանգ առաւ, որովհետեւ Էրտողանն ու իր կուսակցութիւնը զայն ղարաբաղեան նախապայմանով սառեցուցին: Ուստի, ան պէտք չունէր հարցնելու, թէ «Հայաստանի հետ ստորագրուած արձանագրութիւնները ինչո՞ւ խորհրդարանի օրակարգ չեն մտցուիր»:
Այսպիսով, «Ազրպէյճանի բռնագրաւուած տարածքներու» եւ Հայաստանի Սահմանադրական դատարանի որոշումին «արգելակիչ» արտաքին ազդակներուն վրայ կ՛աւելցուի նաեւ զաւեշտական ներքին արգելք մը, զոր թրքական իշխանութիւնները «բարի կամեցողութիւն» ունենալնուն պարագային կրնային եւ կրնան ամենայն դիւրութեամբ շրջանցել:
Պէտք չէ զարմանալ, եթէ Թուրքիա յառաջիկային եւս այս հարցով իր յանցանքը արդարացնելու յաւելեալ «գիւտեր» հնարէ: Անգարա Լեռնային Ղարաբաղի նախապայմանէն անցաւ Հայաստանի Սահմանադրական դատարանի որոշում եւ այժմ Հայաստանի իշխանութիւնները իրեն հետ գլորեց անլրջութեան գագաթնակէտ եղող ներկայ անդունդը: Ժամանակը հասած է, որ Հայաստանի իշխանութիւնները իրենց ստորագրութիւնը արձանագրութիւններէն ետ վերցնելով` վերջ տան այս խեղկատակ ոլորապտոյտին:
ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ