ՕՐԸ ՕՐԻՆ. ԳՐԳՌՈՒԱԾ ՋԻՂԵՐՈՎ

Այս գերհզօր պետութեան քաղաքացին իր ղեկավարներուն կողմէ սահմանուած ու իրեն հրամցուած միջազգային տագնապներն ու մարտահրաւէրները լուծելու համար, իրմէ ակնկալուած բոլոր զոհողութիւնները յանձն առած է` միշտ հաւատալով, որ իր երկիրը կը ղեկավարուի իր անկախութեան հայրերուն կողմէ բանաձեւուած համամարդկային սկզբունքներով, որոնց հիմքը կը կազմէ մարդուն, քաղաքացիին արժանապատիւ կեանքի ապահովումը:

Այսօր, այս երկրի քաղաքացին, ցաւագնօրէն կը համոզուի, որ իր կողմէ ընտրուած քաղաքական գործիչներուն համար յայտարարուած բոլոր սկզբունքները ամէնէն վերջին տեղը կը գրաւեն, երբ անոնք իրենց կեցուածքներն ու դիրքորոշումները կը ճշդեն:

Ալեկոծ ծովու մէջ նետուած մակոյկի մը նման աջէն ու ձախէն հարուածուող Միացեալ Նահանգներու քաղաքացին, ամէն օր կ՛արթննայ` հետզհետէ աւելի շօշափելի թուացող տնտեսական ահաւոր ճգնաժամի մը զգուշացումներն ու սպառնալիքները լսելով ու տակաւ համոզուելով, որ իր ընտանիքին բարօրութիւնը նուազագոյն չափով իսկ չի մտահոգեր զինք ապագայի վառ յոյսերով սիրաշահած նախկին թեկնածու, այժմ պաշտօնատար քաղաքագէտը:

Ուաշինկթընի մէջ բանակցութիւնները կը շարունակուին: Մամլոյ ասուլիսները իրար կը յաջորդեն, մինչ այդ, տնտեսական աղէտի ժամկէտը կը մօտենայ, քաղաքացիներու ջղագրգռութիւնը կը սաստկանայ եւ լուծումի մը հեռանկարը նոյնիսկ չ՛ուրուագծուիր:

Եթէ այս ամէնը խաղ է ու պարզապէս ինչ որ քարոզչական յաղթանակ ապահովելու մարտավարութիւն, ապա, մանաւանդ վերջին տարիներու տնտեսական յուսալքիչ զարգացումներուն լոյսին տակ` քաղաքացին պարզապէս աւելի խոցելի կը զգայ ինքզինք ու իր գրգռուած ջիղերը ամբողջական քայքայումի ենթարկուած տեսնելու վտանգը կը դիմագրաւէ: Յետո՞յ:

ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ

Share this Article
CATEGORIES