50 Տարի Առաջ (1 Հոկտեմբեր 1964)

Խմբագրական

Երբ Հոգին Սեւ Է

Ընթերցողները ուշադրութեամբ կարդացած պէտք է ըլլան թուրք անուանի լրագրող Ահմեթ Էմին Եալմանի յօդուածը, զոր կարեւորութեամբ տուած էինք մեր նախանցեալ թիւով:

Վերջին քառասնամեակի Թուրքիոյ արտաքին ու ներքին քաղաքականութեան քաջածանօթ լրագրողը դիտաւորեալ անգիտութեամբ մը խորհրդաւոր «սեւ ձեռքեր»-ու կը վերագրէ այն բոլոր իրադարձութիւնները, որոնք սեւ խարանով մը կը դրոշմեն արդիակա՜ն Թուրքիոյ հանրային կեանքը:

Թուրքին համար, ըլլայ ան պետական պատասխանատու անձնաւորութիւն կամ Անատոլուի մոռցուած անկիւնները իր տգիտութիւնը խորացնող գիւղացի մը, եւ կամ… Ահմեթ Էմին Եալման մը, յանցաւորը միշտ ուրիշն է: «Սեւ ձեռքեր» կան, որոնք մութին մէջ կը դաւեն խե՜ղճ Թուրքիոյ դէմ, որ գառնուկի նման անմեղ է եւ զոհ` խորհրդաւոր ուժերու սադրանքներուն:

Եալման եւս չի շեղիր մեկնաբանութեան այս ընդհանուր ուղեգծէն, երբ կ՛ուզէ ողբալ 6 – 7 սեպտեմբեր 1955-ի դէպքերը, ինչպէս նաեւ դեռ վերջերս, Զմիւռնիոյ եւ Անգարայի մէջ պատահած վայրագութիւնները, որոնք սուղ արժեցին «թուրք դաշնակցի» ջերմ պաշտպաններուն…

Երբ Եալման ու իր հայրենակիցները գտած են դէպքերուն մօտենալու եւ զանոնք բացատրելու այս պարզ եղանակը, միանգամայն դիւրացած կ՛ըլլայ նաեւ բացատրութիւնը Ցեղասպանութեան, որուն անքաւելի ոճիրը գործեց Թուրքիան Ա. Աշխարհամարտի ընթացքին` մէկ միլիոն հայեր մահուան ղրկելով:

Անշուշտ այդ օրերուն, զարհուրանքի եւ մահուան այդ օրերուն եւս «սեւ ձեռքեր» մղած են բարեմի՜տ Թուրքիան` գործելու ժամանակակից պատմութեան մեծագոյն ոճիրը, ցեղասպանութեան ահաւոր արարքը, որուն անդարմանելի հետեւանքները կը կրէ տակաւին ազնուական ժողովուրդ մը` տեղահան իր պապենական հողերէն, երկրէ երկիր թափառական եւ անօգնական:

Թալէաթ, Էնվեր, Ճեմալ, Սայիտ Հալիմ` արժանաւո՜ր ժառանգորդները արիւնարբու Համիտին, պարզ գործիքներ եղած են այդ «սեւ ձեռքեր»-ուն մէջ, երբ կը հրահանգէին հայ մը իսկ չթողուլ Օսմանեան կայսրութեան տիրապետութեան տակ գտնուող հողերուն վրայ, արմատէն բնաջինջ ընել հայութիւնը, վերջնականապէս եւ անվերականգնելիօրէն թաղելու համար Հայ դատը, քաղաքակիրթ ու լուսատենչ ժողովուրդի մը արդար իրաւունքներուն հատուցման հարցը:

Բայց նման առասպել միայն թուրքի ուղեղէն կը ծնի, ու միայն թուրքեր կրնան հաւատալ անոր: Չեն հաւատար մանաւանդ այն ժողովուրդները, որոնք հեռուէն կամ մօտէն գործ ունեցած են թուրք ցեղին հետ, որուն մէջ սպանութեան, քանդումի եւ ասպատակութեան բնազդը խոր արմատներ նետած է ու չի կրնար անհետանալ Աթաթուրքի մը ձեւական արդիականացումի ճիգերով:

Հայկական ջարդերէն ետք, որոնք վաւերականօրէն կը կրեն կնիքը թուրք ժողովուրդի ոճրային բնազդին, Պոլսոյ սեպտեմբեր 6 – 7-ի դէպքերը, ու նաեւ այս տարի պատահած Զմիւռնիոյ ու Անգարայի վայրագութիւնները նոյն այդ բնազդին դրսեւորումը կը հանդիսանան: Զուր է սեւ ձեռքեր փնտռել հոն, ուր ամբողջ ժողովուրդի մը հոգին սեւ է, միտքը խաթարուած, բարոյականը ինկած: «Սեւ ձեռքեր»-ու այս որոնումը, թուրքին բոլոր արարքներուն ետին մութ ուժեր տեսնելու այս հիւանդութիւնը թուրքն ու Թուրքիան կը մատնեն, մատնած են,  անբուժելիութեան մը, որ հետագային եւս գետին կը պատրաստէ ոճիրներու, որոնց անպատիժ մնալը ապահովուած չէ այլեւս:

Թալէաթի` հայաջինջ սպանդի գլխաւոր պատասխանատուին գերեզմանը յարգանքի ու ակնածանքի զգացումներով պարուրող ժողովուրդ մը անդարմանելիօրէն հիւանդ է հոգիով: «Սեւ ձեռքերը» անճարակ աշկերտներ միայն կրնան ըլլալ երկրի մը մէջ, որուն ժողովուրդին հոգին սեւ է, ուր մեծագոյն հաճոյքը ուրիշին ստացուածքը կոտրել փշրելն է, ուրիշին ինչքին տիրանալն է:

Քոնֆիսուիս տեղ մը կ՛ըսէ. «Մեծագոյն դժուարութիւնը մութ սենեակի մը մէջ սեւ կատու մը գտնելն է, մանաւանդ երբ կատու չկայ»:

Եալմանները այդ փնտռտուքին ելած են սեւ հոգիով, մութ երկրի մը մէջ…

 

Մեծ Եղեռնի Նահատակաց Գերեզմանոցը
Յորդանանի Մէջ

Յորդանանի մայրաքաղաք Ամմանի արեւմտեան կողմը, շուրջ երեսուն քիլոմեթր հեռաւորութեամբ, չերքեզներու գիւղ մը կայ` Ուատի Սիր: Ջուրի ակի մը շուրջ, մշակելի հողերով աղքատ գիւղ մը: Պատմութիւն չունի, բայց հայոց ողբերգութեան մէջ մտած է ակամայ: Տէօրթեոլցիներու, հաճընցիներու եւ այլն, դժբախտ կարաւանը 1915-ին հոն եկած է եւ` ատեն մը մնացած: Ծերերը եւ հիւանդները հոն թաղելէ ետք, շուրջ 56 հոգի, բնակելի վայրեր մեկնած եւ կարաւանը լուծուած է:

Այն գիւղին ակին ձորին մէջ, բլրան մը կողքին, արտի մը մէջ թաղուած են բոլոր հայ բեկորները: Գիւղացիները յարգանքով ցոյց կու տան այդ արտը, ծերերը կը պատմեն դրուագներ Մեծ եղեռնէն: Հայ նահատակներու գերեզմանոցն է:

Յիսուն տարի վերջ, երբ այդ նահատակներուն զաւակները, թոռները իրենց վէրքերը նիւթապէս ոչ միայն սպիացուցած են, այլ իրենց համար բարեկեցիկ եւ հանգստաւէտ կեանք մըն ալ ապահոված են, պատշաճ չէ՞ արդեօք, որ իրենց ծնողներուն հանգիստն ալ ապահովեն` ազատելով անոնց գերեզմանները մարդոց եւ անասուններու ոտքի կոխան ըլլալէն: Մեծ զոհողութիւն մը չի պահանջուիր գիւղական արտ մը գնելու շուրջը փշաթել մը քաշելու համար:

Ահա առաջարկ մը` ամբողջ Յորդանանի հայութեան եւ մասնաւորի տէօրթեոլցիներու: Կ՛ողբանք անթաղ մեռելները, արդարացիօրէն: Կը ցաւինք, որ մեր նահատակներուն գերեզմանները ունենալու մխիթարութիւնը զլացուած է մեզ: Հետեւողական ըլլալու համար յարգենք գոյութիւն ունեցող գերեզմանները, որպէսզի անոնց յիշատակին հետ անոնց մեզի տուած դասերն ալ մոռացութեան չտանք:

Գործնականացնելու համար թելադրութիւնս` կ՛առաջարկեմ, որ սրտցաւ ազգայիններ ձեռքերնին գրպաննին տանին եւ Ամման, Հայկ Փելթեքեանի իրենց լուման ղրկեն, որպէսզի այդ արտը գնուի, սեփականութիւն դառնայ ազգին եւ Յորդանանի հայութեան ուխտատեղի ըլլայ ամէն տարի ապրիլ 24-ին:

ՅՈՎՀ. Ծ. ՎՐԴ. ԿԱՄՍԱՐԱԿԱՆ

Փոստարկղ 546 Երուսաղէմ
Ճորտան

Share this Article
CATEGORIES