Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

ԽՈՅ (21 Մարտէն  20 Ապրիլ)
Ձեր ըրած մարզանքները ապարդիւն պիտի չմնան: Ձեր մարմնին փոփոխութիւնը եւ ճկունութիւնը պիտի ուրախացնեն ձեզ. շարունակեցէք նոյն ձեւով:

ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս)
Խոհեմութեամբ կը ծախսէք, ինչ որ պիտի կայունացնէ ձեր դրամագլուխը. անհոգ եղէք:

ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս)
Շատ ինքնագլուխ էք. ընտանեկան կեանքի մէջ ճկունութիւնը աւելի լաւ է. յարգեցէք ձեր կողակիցին տեսակէտը:

ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 Յունիսէն 23 Յուլիս)
Ուժասպառ էք. խնամեցէք ձեր առողջութիւնը, որովհետեւ ամէնէն կարեւորն է ապրելու համար:

ԱՌԻՒԾ (24 Յուլիսէն 23 Օգոստոս)
«Առիւծ» աստղանշանին համար սէրը միշտ առկայ է: Բախտաւոր էք:

ԿՈՅՍ (24 Օգոստոսէն 23 Սեպտեմբեր)
Ընտանեկան պարտականութիւնը անդամներուն հետ բաժնուեցէք. ամէն գործ առանձին ընելը յոգնութիւն է:

ԿՇԻՌՔ (24 Սեպտեմբերէն 23 Հոկտեմբեր)
Երիտասարդ ծնողները պէտք է դիմեն իրենց ծնողներուն կարծիքին, որոնք կրնան իրենց փորձառութեամբ օգտակար ըլլալ. մանուկները կրթելը դիւրին գործ չէ:

ԿԱՐԻՃ (24 Հոկտեմբերէն 23 Նոյեմբեր)
Ընտանեկան ծախսերը բարդացած են, համաձայնութեամբ պիտի կարենաք հաւասարակշռել ձեր եկամուտը:

ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 Նոյեմբերէն 21 Դեկտեմբեր)
Օգտագործեցէք ձեր հմայքը, շատ պիտի օգտուիք. գնահատեցէք ձեր բարեմասնութիւնները:

ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 Դեկտեմբերէն 20 Յունուար)
Խնամեցէք ձեր առողջութիւնը. դիմեցէք ձեր բժիշկին եւ վստահեցէք անոր ախտաճանաչման:

ԾՈՎԱՆՈՅՇ (21 Յունուարէն 19 Փետրուար)
Ճաշկերոյթ մը կազմակերպեցէք եւ հրաւիրեցէք ձեզի սիրելի անձերը եւ լաւ ժամանակ մը պիտի վայելէք:

ՁՈՒԿ (20 Փետրուարէն 20 Մարտ)
Շատ յամար էք, որուն պատճառով ալ  դիտողութիւններ պիտի ընեն ձեզի. աւելի լաւ է ուրիշներու կարծիքները յարգել:

Share this Article
CATEGORIES