Ինշիոն-2014. Լիբանանցիք Մասնակցեցան Հեծելարշաւի Եւ Փինկ Փոնկի Մրցումներուն
Ինշիոն-2014-ի ասիական 17-րդ խաղերուն, որոնք տեղի կ՛ունենան Հարաւային Քորէայի մէջ, մասնակցող երկիրներուն կարգին է նաեւ Լիբանան:
Լիբանանեան պատուիրակութեան նախագահ Ռուլա Ասի իր փոխանցած տեղեկագիրին մէջ ըսաւ, որ լիբանանցիք մասնակցեցան նաեւ հեծելարշաւի եւ փինկ փոնկի մրցումներուն:
Հեծելարշաւի մրցումներուն, Սալահ Ռապահ թէեւ մասնակցեցաւ ճամբու մրցումին, սակայն 5-րդ լեփին քաշուեցաւ անկէ:
Փինկ փոնկի մրցումներուն, Լարա Քեչեպաշեան պարտութիւն մը կրեց քաթարցի իր մրցակիցէն (4-3), մինչ Ռաշիտ Պըպպօ` Հիւսիսային Քորէայի իր մրցակիցէն (4-0):
Ինչ կը վերաբերի լողարշաւի մրցումներուն, Կապրիելա Տուէյհի մասնակցելով 200 մեթրի մրցումին (Մետլի), արձանագրեց 2′ 42″ 20 արդիւնք մը:
CATEGORIES Մարզական

