Լիբանանի Ֆութպոլի Ֆետերասիոնի Ժողով

Երէկ` երկուշաբթի, 29 սեպտեմբերին իր գումարած շաբաթական հերթական ժողովին, Լիբանանի ֆութպոլի ֆետերասիոնը, որ վաւերացուց նախորդ շաբաթավերջին արձանագրուած մրցումներուն արդիւնքները, տուաւ շարք մը որոշումներ, ինչպէս նաեւ հրապարակեց շաբաթավերջին տեղի ունենալիք մրցումներուն յայտագիրը:

Վաւերացուեցան Ա. դասակարգի ախոյեանութեան առաջին հանգրուանի մրցումները` հետեւեալ ձեւով. Ահտ – Թրիփոլի` 2-0, Սալամ Զղարթա – Շապապ Սահել` 1-0, Շապապ Ղազիէ – Ախա Ահլի Ալէյ` 2-1, Սաֆա – Նըժմէ` 1-0, Նեպի Շիթ – Թատամոն Սուր` 2-1 եւ Անսար – Ռասինկ` 0-0:

Ինչ կը վերաբերի Բ. դասակարգի ախոյեանութեան, Ա. հանգրուանի մրցումները տուին հետեւեալ արդիւնքները.

Իժթիմահի – Ամալ Թրիփոլի` 2-1, Շեպիպեթ Մազրաա – Իսլահ Պըրժ Շիմալի` 3-1, Ահլի Նապաթիէ – Խըյուլ` 5-0, ՀՄԸՄ – Մապարրա` 2-1 եւ Ռիատա Ուալ Ատապ – Սաժես` 1-1:

Ինչ կը վերաբերի երիտասարդներու ախոյեանութեան 7-րդ հանգրուանին, Ա. խմբակին մաս կազմող ՀՄԸՄ 2-0 արդիւնքով պարտուեցաւ Թրիփոլիէն:

Թատամոն Սուրի պատասխանատուներէն Սամիր Պաուապ վեց ամիսով կախակայուեցաւ` իրաւարարին հայհոյած ըլլալուն պատճառով:

Հիւսէյն Նասրալլա (Շապապ Ղազիէ) երեք մրցումով կախակայուեցաւ` իր ստացած կարմիր քարտին պատճառով:

ՀՄԸՄ 500 հազար լիբանանեան ոսկի տուգանքի ենթարկուեցաւ, որովհետեւ անոր համակիրները ունեցան ոչ մարզավայել կեցուածք:

Սակայն ֆետերասիոնը Թրիփոլին 2-0 արդիւնքով պարտուած հռչակեց, որովհետեւ ՀՄԸՄ-ի երիտասարդներու դէմ կատարուած մրցումին անիկա օրէնքներու խախտում կատարեց: Ատկէ բացի, անկէ վեց կէտեր խլուեցան: Վերջապէս, հիւսիսային խումբը այդ օրինազանցութեան համար 470 հազար լիբանանեան ոսկի տուգանքի ենթարկուեցաւ:

Ինչ կը վերաբերի ֆութսալի ախոյեանութեան, Սեն Ժոզեֆի պատասխանատուներէն Եուսեֆ Քարլ երկու ամիսով կախակայուեցաւ իր անպատասխանատու կեցուածքին պատճառով, մինչ անոր ակումբը 500 հազար լիբանանեան ոսկի տուգանքի ենթարկուեցաւ` իր անկարգապահ համակիրներուն պատճառով:

Ստորեւ կու տանք շաբաթավերջին տեղի ունենալիք մրցումներուն յայտագիրը, որ երէկ հրապարակուեցաւ ֆետերասիոնին կողմէ.

Ա. ԴԱՍԱԿԱՐԳ. 2-ՐԴ ՀԱՆԳՐՈՒԱՆ

ՈՒՐԲԱԹ, 3 ՀՈԿՏԵՄԲԵՐ ԺԱՄ    ԴԱՇՏ
Անսար – Ախա Ահլի Ալէյ 15:30 Պէյրութ
Ահտ – Շապապ Սահել 15:30 Ահտ
ՇԱԲԱԹ, 4 ՀՈԿՏԵՄԲԵՐ
Սաֆա – Ռասինկ 15:30 Սայտա
Շապապ Ղազիէ – Սալամ Զղարթա 15:30 Քֆարժոզ
ԿԻՐԱԿԻ, 5 ՀՈԿՏԵՄԲԵՐ
Թատամոն Սուր – Նըժմէ 15:30 Սուր
Նեպի Շիթ – Թրիփոլի 15:30 Պուրճ Համուտ

Բ. ԴԱՍԱԿԱՐԳ. 2-ՐԴ ՀԱՆԳՐՈՒԱՆ

ՈՒՐԲԱԹ, 3 ՀՈԿՏԵՄԲԵՐ
Ռիատա Ուալ Ատապ – Ահլի Սայտա 15:30 Թրիփոլի
ՇԱԲԱԹ, 4 ՀՈԿՏԵՄԲԵՐ
ՀՄԸՄ – Իժթիմահի 15:30 Պուրճ Համուտ
Խըյուլ – Սաժես 15:30 Սաֆա
ԿԻՐԱԿԻ, 5 ՀՈԿՏԵՄԲԵՐ
Մապարրա – Իսլահ Պըրժ Շիմալի 15:30 Ահտ
Ամալ Թրիփոլի – Ահլի Նապաթիէ 15:30 Թրիփոլի

ԵՐԻՏԱՍԱՐԴՆԵՐՈՒ ԱԽՈՅԵԱՆՈՒԹԻՒՆ. 8-ՐԴ ՀԱՆԳՐՈՒԱՆ

ԿԻՐԱԿԻ, 5 ՀՈԿՏԵՄԲԵՐ
ՀՄԸՄ – Նըժմէ 16:00 Շարք
Share this Article
CATEGORIES