«Չեմփիընզ Լիկ». Այսօր` Փարիզ Սեն Ժերմեն – Պարսելոնա. Վաղը` Աթլեթիքօ Մատրիտ – Եուվենթուս

«Չեմփիընզ լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքին ծիրին մէջ, որ այժմ տեղի կ՛ունենայ խմբակներու դրութեամբ, այսօր եւ վաղը պիտի կատարուին ութական մրցումներ:

Անոնցմէ ոմանք պիտի ըլլան բաւական հետաքրքրական եւ տաք ճակատումներ` բնականաբար հաշուի առնելով խումբերուն ունեցած զօրութիւնն ու անոնց տիրական ներկայութիւնը Եւրոպայի մէջ:

Այսօր բաւական հետաքրքրական եւ տաք ճակատում մը կը խոստանայ ըլլալ Ֆրանսայի մայրաքաղաք Փարիզի մէջ տեղի ունենալիք մրցումը, որուն ընթացքին Փարիզ Սեն Ժերմեն պիտի հիւրընկալէ Պարսելոնան:

Ինչ կը վերաբերի վաղուան մրցումներուն, այլ հետաքրքրական մրցում մը իրարու դէմ պիտի հանէ Սպանիոյ եւ Իտալիոյ ախոյեանները` Աթլեթիքօ Մատրիտն ու Եուվենթուսը:

Ստորեւ` մրցումներուն յայտագիրը (ժամերը` Պէյրութի ժամանակացոյցով).

ԱՅՍՕՐ ԺԱՄ
Ե. ԽՄԲԱԿ
Մոսկուայի Բանակայիններ -Պայէրն Միւնիխ 19:00
Մանչեսթըր Սիթի – Ա. Էս. Ռոմա 21:45
Զ. ԽՄԲԱԿ
Ափոյել Նիկոսիա – Այաքս Ամսթերտամ 21:45
Փարիզ Սեն Ժերմեն – Պարսելոնա 21:45
Է. ԽՄԲԱԿ
Շալքէ – Մարիպոր 21:45
Սփորթինկ Լիզպոն – Չելսի 21:45
Ը. ԽՄԲԱԿ
ՊԱԹԷ Պորիսով – Աթլեթիքօ Պիլպաօ 21:45
Շախտիոր Տոնեցք – Փորթօ 21:45
ՎԱՂԸ
Ա. ԽՄԲԱԿ
Աթլեթիքօ Մատրիտ – Եուվենթուս 21:45
Մալմօ – Օլիմփիաքոս 21:45
Բ. ԽՄԲԱԿ
Պալ – Լիվըրփուլ 21:45
Լուտոկորեց – Ռէալ Մատրիտ 21:45
Գ. ԽՄԲԱԿ
Զենիթ Ս. Փեթերսպուրկ – Մոնաքօ 19:00
Պայէր Լեւերքուզըն – Պենֆիքա 21:45
Դ. ԽՄԲԱԿ
Անտըրլեխթ – Պորուսիա Տորթմունտ 21:45
Արսենալ – Կալաթասարայ 21:45
Share this Article
CATEGORIES