Ֆութսալ. Լիբանանի Ախոյեանութիւն. Առաջին Չորս Դիրքերուն Մէջ Դասաւորման Ոչ Մէկ Փոփոխութիւն

Լիբանանի ֆութսալի Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 9-րդ հանգրուանի ծիրին մէջ, առաջին չորս դիրքերը գրաւող խումբերը` Պէյրութի դրամատուն, Մայատին, Լիբանանեան բանակ եւ Ֆայհա Թրիփոլի յաղթանակներ արձանագրեցին:

Ասիկա պատճառ դարձաւ, որ դասաւորման առաջին չորս դիրքերուն մէջ ոչ մէկ փոփոխութիւն տեղի ունենայ:

Ախոյեան Պէյրութի դրամատունը 9-2 արդիւնքով ծանր պարտութեան մատնեց Սեն Ժոզեֆը` վերջինիս դաշտին վրայ տեղի ունեցած մրցումին:

Նոյն արդիւնքով Մայատին յաղթեց Ալամունին:

Լիբանանեան բանակը քիչ մը դժուարութեամբ 3-2 արդիւնքով յաղթեց Շուէյֆաթի, մինչ Ֆայհա Թրիփոլի` «Էյ. Եու. Էս. Թի.»-ի (6-4):

Վերջապէս, Կանըրզ Լեպանոն 7-5 արդիւնքով յաղթեց Ռապիհի:

Ստորեւ` դասաւորումը, 9-րդ հանգրուանի մրցումներէն ետք.

ՄՐՑ. ԿԷՏ
1.- Պէյրութի դրամատուն 8 24
2.- Մայատին 8 24
3.- Լիբանանեան բանակ 8 21
4.- Ֆայհա Թրիփոլի 8 18
5.- Շուէյֆաթ 9 12
6.- Սեն Ժոզեֆ 8 9
7.- Կանըրզ Լեպանոն 8 9
8.- «Էյ. Եու. Էս. Թի.» 8 6
9.- Ղըպէյրի 8 6
10.- Ալամուն 8 6
11.- Ռապիհ 8 3
Share this Article
CATEGORIES