Պասքեթպոլ. Արաբկիր Յաղթեց Պաքուի Հաւաքականին
Պաթումի մէջ տեղի ունեցող 2001-ի ծնունդներու դասակարգի պասքեթպոլի մրցաշարքին Հայաստանը կը ներկայացնէ Արաբկիր խումբը:
ArmSport.am հայկական լրատուական կայքը կը հաղորդէ, որ Արեգ Վաթեանի գլխաւորութեամբ հանդէս եկող պատանիները խմբային հանգրուանին Պաթումի եւ Անգարայի խումբերէն պարտուելէ ետք, իրենց կատարած երրորդ մրցումին 68-57 արդիւնքով յաղթեցին Պաքուի հաւաքականի խումբին:
Իր արձանագրած այս յաղթանակին շնորհիւ Արաբկիր գրաւեց երրորդ դիրքը:
CATEGORIES Մարզական

