Սպանիոյ Սահմանադրական Դատարանը Կասեցուցած Է Քաթալոնիոյ Մէջ Հանրաքուէի Կարելիութիւնը
Սպանիոյ Սահմանադրական դատարանը կասեցուցած է այն որոշումը, որուն հիմամբ կը նախատեսուէր Քաթալոնիոյ անկախութեան հարցով հանրաքուէ կատարել:
Սպանական «Էլ Փայիս» օրաթերթը կը յայտնէ, որ Սահմանադրական դատարանի 12 անդամները այդ որոշումը միաձայնութեամբ որդեգրած են: Հանրաքուէի արտօնութեան որոշումը առկախուած է հինգ ամիսով:
Նախապէս Սպանիոյ վարչապետը յայտնած էր այդ որոշումը վիճարկելու մտադրութեան մասին:
Քաթալոնիոյ նահանգապետ Արթուր Մաս 27 սեպտեմբերին ստորագրած էր հրաման մը, որուն հիմամբ կը նախատեսուէր 9 նոյեմբերին Քաթալոնիոյ Սպանիայէն անկախանալու հարցով հանրաքուէ կատարել:
2006-ին Քաթալոնիա ինքզինք անջատ պետութիւն յայտարարած էր, սակայն Սպանիոյ Գերագոյն դատարանը չեղեալ նկատած էր այդ որոշումը: Քաթալոնիոյ մէջ Սպանիայէն առանձնանալու ցանկութիւնը կապուած է, ի շարս այլոց, 2008-ի տնտեսական ճգնաժամի բացասական հետեւանքներուն, ինչպէս նաեւ` Մատրիտի հարկային քաղաքականութեան նկատմամբ դժգոհութեան:
Հակառակ Սահմանադրական դատարանի որոշումին, Քաթալոնիոյ կառավարութեան բանբերը երէկ յայտարարեց, որ շրջանի կառավարութիւնը որոշած է հանրաքուէն կազմակերպել:

