Աւստրալիոյ Ոստիկանութիւնը Հակաահաբեկչական Գործողութիւն Կը Կատարէ Մելպըրնի Արուարձաններուն Մէջ

0930_Melbourne«Քորեսփոնտընթ» կը հաղորդէ, որ Աւստրալիոյ դաշնակցային ոստիկանութիւնն ու Վիքթորիա նահանգի ոստիկանութիւնը երէկ հակաահաբեկչական գործողութիւն կատարած են Մելպըրնի 5 արուարձաններու մէջ: Ոստիկաններու բանբերին համաձայն, խուզարկութիւններ կը կատարուին Սիպրուք, Քիլպա, Մետոու Հայց, Պրոուտմետոուզ եւ Ֆլեմինկթըն արուարձաններուն մէջ:

Ոստիկանութեան բանբերը յայտնած է, որ գործողութիւնը կապուած չէ անցեալ շաբաթ Մելպըրնի մէջ տեղի ունեցած դէպքին հետ, երբ ոստիկանները կրակելով սպաննած են ոստիկանական բաժանմունք հարցաքննութեան համար եկած 18-ամեայ աֆղան տղայ մը, որուն շուրջ ահաբեկչական գործունէութեան ներգրաւուածութեան կասկածներ կային:

«Քորեսփոնտընթ» կը յիշեցնէ, որ 18 սեպտեմբերին դաշնակցային ոստիկանութիւնը լայնածաւալ հակաահաբեկչական գործողութիւն կատարած է Սիտնիի, Պրիսպէյնի եւ Լոկանի մէջ. սոյն գործողութեան ընթացքին 15 մարդ ձերբակալուած է Աւստրալիոյ տարածքին ահաբեկչական գործողութիւններ ծրագրելու կասկածանքով:

 

 

Share this Article
CATEGORIES