ՄԻՆՉ ԸՄԲՈՍՏՆԵՐԸ ԴԻՒԱՆԱԳԻՏԱԿԱՆ ՅԱՋՈՂՈՒԹԻՒՆՆԵՐ Կ՛ԱՐՁԱՆԱԳՐԵՆ ՔԱԶԶԱՖԻ ԸՄԲՈՍՏՆԵՐԸ ՌԱԶՄԱՎԱՐԱԿԱՆ ՌԱՍ ԼԱՆՈՒՖ ՔԱՂԱՔԷՆ ԴՈՒՐՍ ԿԸ ՄՂԷ
Մոամմար Քազզաֆիի հաւատարիմ ուժերը երէկ բուռն ռմբակոծում կատարելով ըմբոստ ուժերը դուրս մղեցին քարիւղի արտադրման Ռաս Լանուֆ ռազմավարական ծովեզերեայ քաղաքէն: Քաղաքէն խոյս տուող ըմբոստ ուժերը յայտնեցին, որ Քազզաֆիի ուժերը քաղաքը բուռն ռմբակոծման կ՛ենթարկեն` առ ի պատրաստութիւն լայնածաւալ յառաջխաղացքի մը: Թեթեւ զէնքերով զինուած հարիւրաւոր ըմբոստները ինքնաշարժներով եւ փոքր բեռնակառքերով դէպի արեւելք փախուստ տուին` Պրիւքսելի մէջ ժողով գումարող ՕԹԱՆ-էն օժանդակութիւն խնդրելով: ՕԹԱՆ յայտնած էր, որ կը պատրաստուի Լիպիոյ վերեւ թռիչքներու արգիլեալ գօտի մը հաստատելու:
ՕԹԱՆ-ի ընդհանուր քարտուղար Անտերս վոկ Ռասմուսեն Պրիւքսելի մէջ տեղի ունեցած ՕԹԱՆ-ի ժողովէն ետք տրուած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտնեց, որ ՕԹԱՆ Լիպիոյ ծովափին մօտ իր ծովուժին ներկայութիւնը պիտի ամրապնդէ` առ ի պատրաստութիւն թռիչքներու արգիլեալ գօտիի մը հաստատման: Ամերիկացի պաշտօնատար մը յայտնեց, որ այդ նպատակին իրագործումը երկու օրուան կը կարօտի: Ռասմուսեն նաեւ նշեց, որ Լիպիա մասնատման եւ պետութեան քայքայման վտանգը կը դիմագրաւէ:
Ռաս Լանուֆին վերատիրանալը Քազզաֆիի համար մեծ յաղթանակ մը պիտի ըլլայ, որովհետեւ ծովեզերեայ շրջաններուն մէջ իր վերահսկողութեան տակ եղող տարածքը պիտի ընդլայնէ: Միացեալ Նահանգներու Ազգային գաղտնի սպասարկութեան ղեկավար Ճէյմս Քլապըր Ծերակոյտի արտաքին յարաբերութեանց յանձնախումբին իր ներկայացուցած զեկուցումին ընթացքին յայտնեց, որ Քազզաֆի իշխանութեան կը կառչի եւ անկէ հրաժարելու որեւէ նշան ցոյց չի տար: Ան աւելցուց, որ Քազզաֆի երկարատեւ ճակատումի մը կը պատրաստուի:
Դիւանագիտական գետնի վրայ Ֆրանսա առաջին երկիրը եղաւ, որ ըմբոստներուն կազմած Լիպիոյ Ազգային խորհուրդը ճանչցաւ, իբրեւ երկրին մէջ իշխանութեան միակ օրինական մարմին` յայտնելով միաժամանակ, որ կը ծրագրէ խորհուրդին հետ դեսպաններ փոխանակել: Ֆրանսա այդ յայտարարութիւնը կատարեց խորհուրդի երկու պատուիրակներու նախագահ Նիքոլա Սարքոզիի հետ ունեցած հանդիպումէն ետք: Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Հիլըրի Քլինթըն իր կարգին յայտարարեց, որ Միացեալ Նահանգներու մէջ եւ Միջին Արեւելք կատարած իր շրջապտոյտին ընթացքին հանդիպում պիտի ունենայ լիպիացի ընդդիմադիրներու հետ: Եւրոպական խորհրդարանը Եւրոպական Միութեան արտաքին քաղաքականութեան ղեկավար Քեթրին Էշթընի պահանջով 584 թեր, 18 դէմ եւ 18 ձեռնպահ քուէներով Լիպիոյ Ազգային խորհուրդը ճանչցաւ իբրեւ Լիպիոյ օրինական իշխանութիւն: Խորհրդարանը Էշթընին կոչ ուղղեց` խորհուրդին հետ յարաբերութիւններ մշակելու եւ այդ յարաբերութիւնները պաշտօնականացնելու հոլովոյթին սկսելու: