ՍԷՅՐԱՆ ՕՀԱՆԵԱՆ ՄԵԿՆԵՑԱՒ ՊՐԻՒՔՍԵԼ

Հայաստանի պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեանի գլխաւորած պատուիրակութիւնը երէկ մեկնեցաւ Պրիւքսէլ` մասնակցելու համար Աֆղանիստանի մէջ հիւսիսատլանտեան դաշինքի կազմակերպութեան գործողութիւններուն մասնակցող պետութիւններու պաշտպանութեան նախարարներու նիստին:

Պաշտպանութեան նախարարութեան տարածած հաղորդագրութեան համաձայն, այցելութեան ընթացքին նախատեսուած են նաեւ Սէյրան Օհանեանի երկկողմանի ձեւաչափով հանդիպումները գործընկեր պետութիւններու պաշտպանութեան նախարարներուն, ինչպէս նաեւ Եւրոպական Միութեան բարձրաստիճան պաշտօնեաներուն հետ:

Share this Article
CATEGORIES