«ՆԱԽԸՆՏՐԱԿԱՆ ՀՈԼՈՎՈՅԹԸ ՍԿՍԱԾ Է» Կ՛ԸՍԷ ԱՐՏԱՇԷՍ ՇԱՀՊԱԶԵԱՆ
Հայաստանի Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան քարտուղար Արտաշէս Շահպազեան երէկ լրագրողներուն հետ հանդիպման ընթացքին յայտարարեց, որ նախընտրական հոլովոյթը արդէն սկիզբ առած է` առանց յայտարարութեան եւ որոշ յստակացումներ արդէն կատարուած են:
Ըստ անոր, այդ յստակացումներէն մէկը իշխանական կուսակցութիւններու համաձայնական կառավարութեան նոր համաձայնագիրի կնքումն էր, որով պարզ դարձան համաձայնական կառավարութեան նպատակները, այդ կուսակցութեանց ռազմավարութիւնը եւ մարտավարութիւնը:
Ա. Շահպազեան նշեց, որ ընդդիմադիր Հայ ազգային քոնկրեսը վերջին շրջանին շատ չի խօսիր ընտրութիւններու մասին եւ հաւանաբար աշնան պիտի յայտարարէ, որ հերթական ընտրութիւններուն պիտի մասնակցի:
Պատգամաւորը նշեց, որ քոնկրեսը մեղմացուցած է իր դիրքորոշումը. անոր վերջին պահանջներուն մէջ նախագահի հրաժարականի հարցը չկար, սակայն փոխարէնը վարչապետին հրաժարականը կը պահանջուի:
Իսկ Դաշնակցութիւնը ընտրութիւններուն ընդառաջ կը նախաձեռնէ ընտրական իրաւունքի պաշտպանութեան շարժումը: Կը նախատեսուի, որ այս շարժումը պէտք է ոչ թէ քաղաքական, այլ հասարակական ըլլայ, քանի որ անոր նպատակը արդար ընտրութիւններ կազմակերպելն է:
«Ասիկա մեր հռչակած ծրագիրն է եւ այս ուղղութեամբ է, որ մենք յառաջիկային աւելի աշխատանք պիտի տանինք», ըսաւ Ա. Շահպազեան:
Ան աւելցուց, որ եթէ նպատակը իշխանութեան գալն է, իշխանափոխութիւնն է, Դաշնակցութիւնը նպատակայարմար չի տեսներ որեւէ համագործակցութիւն: Ըստ անոր, պէտք է ծրագիր կամ ճշգրիտ նպատակ ըլլայ, այլապէս անհրաժեշտ չէ այս կամ այն ուժին հետ համագործակցութիւնը:
Ան նշեց, որ խորհրդարանին մէջ Ժառանգութեան հետ ճշգրիտ խնդիրներու շուրջ համագործակցութիւն կայ: «Կան հարցեր, զորս մենք նոյն ձեւով կը տեսնենք եւ անոնց շուրջ ընդհանուր աշխատանք կը տանինք: Կան նաեւ հարցեր, որոնց վերաբերեալ տարբեր տեսակէտներ կ՛ունենանք եւ իւրաքանչիւրը իր աշխատանքը կը տանի», յայտնեց Ա. Շահպազեան:
Իսկ ինչ կը վերաբերի «Քուէն ուժ է» քաղաքացիական շարժման, ապա Շահպազեան նշեց, որ այս պարագային ցանկալի կ՛ըլլար համագործակցիլ տարբեր ուժերու հետ` յանուն արդար ընտրութիւններու ապահովման:
Պատասխանելով այն հարցումին, թէ որքանո՞վ հաւանական է, որ ՀՅԴ-ն այլ քաղաքական ուժերու հետ դաշինք կնքէ եւ այդպէս մասնակցի ընտրութիւններուն, Ա. Շահպազեան նշեց, որ ինք չի կրնար «այո» կամ «ոչ» ըսել, որովհետեւ ատիկա ժողովները կ՛որոշեն, բայց այսօր այդպիսի հեռանկար չի նկատուիր: