Նախարար Պութրոս Հարպ Կը Խոստանայ Բարելաւել Բջիջային Հաղորդակցութեան Կապերը
Հաղորդակցութեան միջոցներու նախարար Պութրոս Հարպ երէկ մամլոյ ասուլիս մը տուաւ` յայտնելով, որ ձեռնարկած է հաղորդակցութեան, յատկապէս բջիջային հաղորդակցութեան բարելաւման նոր տնօրինումներու, որոնք ի զօրու պիտի ըլլան այսօր` չորեքշաբթի, 1 հոկտեմբերէն սկսեալ:
Հարպ յայտնեց նաեւ, որ բջիջային «Ալֆա» եւ «Թաչ» ընկերութիւններէն խնդրած է քանի մը օր եւս շարունակել իրենց աշխատանքը, մինչեւ նախարարաց խորհուրդի հինգշաբթի օրուան նիստը, երբ պիտի վճռուին պայմանագրութեան նոր ձեւերը:
CATEGORIES Լիբանանեան

