Սպանական Իշխանութիւնները Արգելափակած Են Դէպի Լիբանան Զինամթերք Փոխադրող Նաւու Մը Անձնակազը
«Էլ Մունտօ» օրաթերթին համաձայն, սպանական իշխանութիւնները վերջերս Ժիպրալթարի մօտ արգելափակած են դէպի Լիբանան զինամթերք փոխադրող նաւու մը անձնակազմը: Այս գծով հետաքննութիւն բացուած է:
Ըստ նախնական տեղեկութեանց, ամերիկեան արտադրութեան զինամթերքով բեռնաւորուած նաւը Քալիֆորնիայէն դէպի Պէյրութ կ՛ուղղուէր Սպանիոյ ճամբով: Ամերիկեան գերարդիական հարիւր կտոր հաշուող զինամթերքը ցարդ յստակ չէ, եթէ ուղղուած էր «ահաբեկչական» խմբակներու:
CATEGORIES Լիբանանեան

