Բողոքելով Ուսուցիչներու Աշխատավարձերու Յաւելման «Անարդար» Որոշումին Դէմ. Սեփական Մարզի Վարժարաններու Ուսուցիչները Դասադուլ Կը Յայտարարեն

Նաամէ Մահֆուտ

Նաամէ Մահֆուտ

Երկար ատեն խորհրդարանական թէ կրթական նիստերու քննարկման առանցքը կազմած ուսուցիչներու աշխատավարձերու յաւելման որոշումը կը թուի, թէ հասած է վճռումի հանգրուանին: Սակայն նախքան որոշումին վաւերացումը, «սպրդած» տեղեկութիւնները արդէն իսկ ելեկտրականացած մթնոլորտ ստեղծեցին երկրի ընկերային, տնտեսական եւ յատկապէս կրթական մարզերուն մէջ: Իւրաքանչիւր կողմ կանխատրամադրուած ձեւով արդէն իսկ դէմ արտայայտուեցաւ տակաւին չվաւերացուած որոշումի առաջարկին: Այս ծիրին մէջ, սեփական մարզի վարժարաններու ուսուցիչները այսօր դասադուլ յայտարարեցին: Սեփական վարժարաններու ուսուցիչներու սենտիքայի նախագահ Նաամէ Մահֆուտ յայտնեց, թէ «վաղը (այսօր) ընդհանուր դասադուլ է ամբողջ Լիբանանի մէջ»` տողատակի հասկցնելով, որ անիկա կրնայ վերածուիլ բաց դասադուլի` ըսելով. «Այս ընթացքով (Ատհայի) տօնէն ետք չենք գիտեր, թէ ո՞ւր կը հասնինք»:

Նմանապէս, Տնտեսական խորհուրդները դէմ արտայայտուեցան նշեալ որոշումի վաւերացումի հաւանականութեան` առարկելով, որ անիկա կրնայ դուռ բանալ սղաճի նոր ալիքի` 10-15 առ հարիւր համեմատութեամբ: Անոնք անհրաժեշտ նկատեցին երկրին եկամուտներն ու ելքերը հաւասարակշռող տարազի մը որդեգրումը: Ցուցարարները այսօր առաւօտեան ժամը 10:00-ին «խաղաղ» ցոյց պիտի կազմակերպեն խորհրդարանին առջեւ:

 

Share this Article
CATEGORIES