Շարունակելով Իր Արտասահմանեան Շրջապտոյտը`. «Կարելի Չէ Նախագահական Ընտրութեան Ճակատագիրը Կապել ՏԱՀԵՇ-ի Կամ Ահաբեկչութեան Հետ» Յայտարարեց Ժպրան Պասիլ

Ֆապիւս եւ Պասիլ
ՄԱԿ-ի մէջ իր ունեցած ելոյթէն ետք արտաքին գործոց նախարար Ժպրան Պասիլ այցելեց նաեւ Ֆրանսա, որուն վարիչներուն հետ քննարկեց երկկողմանի յարաբերութիւններն ու յատկապէս լիբանանեան բանակին յատկացուելիք զինուորական օգնութիւնը: Այս գծով Պասիլ յայտնեց, որ բանակը զինելու նմանօրինակ առաջարկ-խոստում ստացած է նաեւ Հոլանտայէն: «Աւելի լաւ է ուշ, քան երբեք», ըսաւ Պասիլ:
Միւս կողմէ, անդրադառնալով երկրի նախագահական թափուր աթոռին` Պասիլ յայտնեց, թէ «հակառակ իր խիստ կարեւոր հանգամանքին, կարելի չէ նախագահական ընտրութեան հարցը կապել ՏԱՀԵՇ-ի կամ ահաբեկչութեան հետ»: Իսկ ՄԱԿ-ի մէջ Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարար Ուալիտ Մոալլեմի հետ իր հանդիպումին գծով Պասիլ յայտնեց, թէ անիկա տեղի ունեցաւ կարգ ու կանոնով, խորքով ու ձեւով»:
CATEGORIES Լիբանանեան

