Զանազան Կողմերուն Հետ Մագոգային Խորհրդակցութիւններու Ձեռնարկելով. «Աուն Օրինական Ամէն Իրաւունք Ունի Իբրեւ Նախագահական Թեկնածու Ներկայանալու» Ըսաւ Ժոմպլաթ
Երկրի զանազան կողմերուն վարիչներուն հետ իր ձեռնարկած քուլիսային մագոգային խորհրդակցութիւններուն ծիրին մէջ, Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան պետ Ուալիտ Ժոմպլաթ երէկ երկրագործութեան նախարար Աքրամ Շեհայէպը գործուղեց Ռապիէ, ուր խորհրդակցութիւնները կեդրոնացան շրջանի ու երկրի ընդհանուր իրավիճակին վրայ` վերջին իրադարձութիւններուն լոյսին տակ: Իրազեկ կարգ մը աղբիւրներ հաւանական նկատեցին, որ Շեհայէպ մօտերս նմանօրինակ այցելութիւն մը տայ Մաարապ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահին:
Միւս կողմէ, երեսփոխան Ժոմպլաթ փորձեց խուսափիլ նախագահական ընտրութեան ձախողութեան պատասխանատուութիւնը իր վրայ կրելէ` ըսելով. «Ես կողմերու կեցուածքները հաւասարակշռող նժարը չեմ»:
Այսօր «Նահար» օրաթերթին մէջ լոյս տեսած իր հարցազրոյցին մէջ կատարած յայտարարութեամբ Ժոմպլաթ կ՛ըսէ. «Աուն օրինական ամէն իրաւունք ունի ներկայանալու իբրեւ նախագահական թեկնածու»: Ժոմպլաթ այս առիթով իր զղջումը կը յայտնէ հաւանութիւն տուած ըլլալուն` դատախազներուն եւ լիբանանեան համալսարանի դասախօսներուն յատուկ դահլիճի որոշումին:

