Ուժանիւթի Եւ Ջուրերու Հարցերու Նախարարութիւնը Կը Զգուշացնէ Ելեկտրականութեան Ընկերութեան Մէջ Տիրող Իրավիճակէն

Ուժանիւթի եւ ջուրերու հարցերու նախարարութեան տեղեկատուական գրասենեակը երէկ հաղորդագրութեամբ մը զգուշացուց պատկան կողմերն ու յատկապէս հանրութիւնը` ելեկտրականութեան ընկերութեան դէմ կատարուող քայլերէն, որոնք իրենց ժխտական անդրադարձը պիտի ունենան այս մարզի արդիւնաւէտութեան վրայ.

1) Առաջին, շուրջ երկու ամիսներէ ի վեր կը շարունակուի ընկերութեան հաստատութեան գրաւումը, ինչ որ ժխտական հետեւանքը կ՛ունենայ քաղաքացիներուն լաւագոյն ծառայութիւն մատուցելու ճիգերուն վրայ:

2) Երկրորդ, ընկերութեան պաշտօնեաներու եւ աշխատաւորներու աշխատավարձերը այս ընթացքով կրնան վտանգուիլ, ինչ որ անհրաժեշտ կը դարձնէ պատկան կողմերու եւ նախարարութեանց միջամտութիւնը` վերջ տալու այս կացութեան եւ փրկելու պետութեան հեղինակութիւնը:

3) Երրորդ, նախարարութիւնը կը հաստատէ, թէ ելեկտրականութեան ընկերութիւնը կը գործէ օրէնքի սահմաններուն մէջ եւ յանձնառու է կիրարկելու այդ օրէնքները: Որեւէ առարկութիւն կարելի է կատարել օրինական միջոցներով:

 

 

Share this Article
CATEGORIES