Զօր. Միշել Աուն Նախագահեց Փոփոխութիւն Եւ Բարեկարգում Համախմբումի Հերթական Ժողովին
Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աուն երէկ յետմիջօրէին նախագահեց համախմբումի շաբաթական հերթական նիստին, որուն ընթացքին խորհրդակցութիւնները կեդրոնացան երկրին հրատապ հարցերուն շուրջ:
Նիստին աւարտին համախմբումի ընդհանուր քարտուղար, երեսփոխան Իպրահիմ Քանաան մաղթեց, որ ուսուցիչներու եւ պետական պաշտօնեաներու աշխատավարձերու յաւելումի հարցը յանգի բարւոք լուծումի` մերժելով Յաւելուած արժէքի տուրքին յաւելումը: Քանաան զօրակցութիւն յայտնեց բանակի զինման օրէնքին:
CATEGORIES Լիբանանեան

