Իրանցի Բարձրաստիճան Պատուիրակ Մը Լիբանանեան Բանակի Զինման Նուէր Կը Խոստանայ
«Մեր Առաջնահերթութիւնը Կեդրոնացած Է
Ահաբեկչութեան Դէմ Ճակատումին Վրայ»
Յայտարարեց Սէյիտ Նասրալլա
Իրանի Ազգային անվտանգութեան գերագոյն խորհուրդի քարտուղար, զօրավար Ալի Շամախանի երէկ դէպի Դամասկոս իր ճամբուն վրայ կարճատեւ այցելութիւն մը տուաւ Լիբանան: Այս առիթով իրանցի բարձրաստիճան պատուիրակը անջատ հանդիպումներ ունեցաւ երկրին վարիչներուն` խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի, վարչապետ Թամմամ Սալամի եւ Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլայի հետ:
Այն Թինէի մէջ իրանցի հիւրը խորհրդարանի նախագահին հետ խորհրդակցեցաւ շրջանի եւ յատկապէս լիբանանեան-իրանեան երկկողմանի յարաբերութեանց շուրջ` ներկայութեամբ Լիբանանի մէջ Իրանի դեսպան Մոհամետ Ֆաթհալիի եւ այլ բարձրաստիճան պատասխանատուներու: Զօր. Շամախանի այս առիթով հաստատեց, որ Իրան մեծապէս հետաքրքրուած է Լիբանանի ապահովութեամբ եւ կայունութեամբ:
Իսկ վարչապետ Սալամի տուած իր այցելութեան ընթացքին, իրանցի պատուիրակը «աւետեց» թէ լիբանանեան բանակի զինման յատուկ նուէր կը խոստանայ: Այս գծով կ՛ակնկալուի, որ Լիբանանի պաշտպանութեան նախարար Սամիր Մուքպել մօտերս այցելէ Իրան` ստանձնելու համար իրանեան բանակային զինամթերքի նուէրը:
Աւելի ուշ զօր. Շամախանի այցելեց նաեւ Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլայի, որուն հետ քննարկեց շրջանին եւ երկրին վերջին իրադարձութիւնները: «Մեր առաջնահերթութիւնն է ահաբեկչութեան դէմ ճակատում կազմակերպել», յայտարարեց Նասրալլա այս առիթով: Իսկ Շամախանի վերահաստատեց Լիբանանի նկատմամբ Իրանի զօրակցութիւնը` քննադատելով ՏԱՀԵՇ-ի դէմ միջազգային դաշինքը:

