Ընկերային Բողոքի Ցոյցերու Կոչին Զուգահեռ`. Առեւանգեալ Բանակայիններու Ազատ Արձակման Ճիգերը Կը Շարունակուին. Զինուորական Քամալ Հուժէյրի Ազատ Արձակուեցաւ

0930_unescoԱյն միջոցին, երբ սեփական վարժարաններու ուսուցիչները դասադուլ կը յայտարարեն ու բողոքի ցոյց մը կը կազմակերպեն խորհրդարանին առջեւ, զուգահեռաբար քաղաքական բացայայտ թէ քուլիսային ճիգերը կը շարունակուին մէկէ աւելի ճակատներու վրայ` յանգելու համար առեւանգեալ բանակայիններու ազատ արձակման:

Արդարեւ, ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէն զօր. Ապպաս Իպրահիմ լուսարձակէ հեռու ձեռնարկած է շարք մը հանդիպումներու` խնդրոյ առարկայ կողմերու հետ: Այս ծիրին մէջ ան այցելեց Քաթար, որմէ ետք կ՛ուղղուի դէպի Թուրքիա: Իրազեկ աղբիւրներ յայտնեցին, որ զօր. Իպրահիմ տրամադիր է այցելելու նաեւ այլ կողմերու` դրական արդիւնքներու ձեռքբերման յոյսով: Լաւատեղեակ աղբիւրներ հաւանական նկատեցին կարգ մը բանակայիններու ազատ արձակումը Ատհայի տօնին նախօրեակին: Սակայն երէկ կէս գիշերին յայտարարուեցաւ, որ Ժապհաթ Նուսրա ազատ արձակած է առեւանգեալ զինուորականներէն Քամալ Հուժէյրին:

Իր կարգին, քաթարցի պատուիրակ մը երէկ երեկոյեան Արսալի բարձունքները ուղղուեցաւ, ուր ըստ լրատուական աղբիւրներուն, տեսակցեցաւ Ժապհաթ Նուսրայի եւ ՏԱՀԵՇ-ի պատասխանատուներու հետ: Այս քայլերը կու գան որոշ յոյսի նշոյլ մը փոխանցելու առեւանգեալներու ծնողներուն, որոնք վճռած են չլքել փողոցը, մինչեւ իրենց զաւակներուն ազատ արձակումը: Անոնք երէկ դարձեալ փակեցին Պէյրութ – Թրիփոլի մայրուղին եւ դէպի Քալամուն տանող ճամբան, ինչպէս նաեւ շարունակեցին անիւներ հրկիզելով փակել նաեւ այլ ճամբաներ Մասնաայի եւ Տահր Պայտարի միջեւ` առաւել եւս սաստկացնելով առանց այդ ալ երթեւեկի անտանելի խճողումը:

Քաղաքական նշեալ խոստմնալից հանդիպումներուն լոյսին տակ, այսօր բոլորին հայեացքը սեւեռած պիտի ըլլայ խորհրդարանին ուղղութեամբ, ուր ուսուցիչներու, աշխատաւորներու եւ տնտեսական մարմիններու բողոքի ցոյցերու մթնոլորտին մէջ, երեսփոխաններ պիտի համախմբուին ի վերջոյ վճռելու ուսուցիչներու աշխատավարձերու աստիճանական, յաւելումի ճակատագիրը: Այս գծով կողմերը տարակարծիք են յաւելումի որոշման վաւերացման գծով, առ այդ` ուսուցչական պատուիրակութիւններ երէկ սերտ խորհրդակցութիւններ ունեցան` փորձելով խորհրդարանը մղել արդար որոշումի յանգելու: Սեփական վարժարաններու սենտիքայի նախագահ Նաամէ Մահֆուտ երէկ «անտրամաբանական» որակեց պետական մարզի պաշտօնեաներուն եւ ուսուցիչներուն վեց աստիճանի յաւելումի առաջարկ ներկայացնել, մինչ սեփական մարզի ուսուցիչները կը զրկուին նման յաւելումէ: Այս ծիրին մէջ երէկ երեկոյեան ուսուցիչներու սենտիքայի եւ կաթողիկէ վարժարաններու ներկայացուցիչներ իրենց ընկերակցող պատուիրակութիւններու հետ այցելեցին Պքերքէ` սպառնալով բաց դասադուլի դիմել, եթէ խորհրդարանը այսօր յանգի «անարդար» որոշումի: «Հիմա դասադուլի կը դիմենք, բայց չենք գիտեր, թէ (Ատհայի) տօնէն ետք ո՛ւր կը հասնինք», բողոքեց Մահֆուտ: Յաւելումի առաջարկին դէմ բողոքեցին նաեւ Տնտեսական խորհուրդները, սակայն` իրենց դիտանկիւնէն: Անոնք առարկեցին, թէ նման յաւելումի վաւերացում մը կրնայ 10-15 հարիւր համեմատութեամբ սղաճ յառաջացնել` առաւել եւս սրելով ժողովուրդի տնտեսական եւ ապրուստի տագնապները:

Զուգահեռաբար, առեւանգեալ բանակայիններու ծնողներ շարունակելով փակել ճամբաները` նորագոյն ժամկէտ յայտարարեցին վաղը` հինգշաբթի, երբ կը սպասուի, որ նախարարաց խորհուրդը վճռական որոշումի յանգի առեւանգեալ զինուորականներուն փոխանակման գծով:

Այս ծիրին մէջ տեղեկատուութեան նախարար Ռամզի Ժըրէյժ այսօր հանդիպում մը պիտի ունենայ լրատուական մարզի ներկայացուցիչներուն հետ` յորդորելով զանոնք հեռու մնալու անհիմն կամ երկպառակիչ մեկնաբանութիւններ հրապարակելէ:

Միւս կողմէ, սէուտական «Օքազ» օրաթերթին համաձայն, ընդդիմադիր Սուրիական ազատ բանակը եւս պիտի միջամտէ առեւանգեալ բանակայիններու ազատ արձակման համար:

Ընկերային եւ տնտեսական բողոքի ելոյթներու մթնոլորտին մէջ, քաղաքական դէտեր հաւանական կը նկատեն «տողատակի հասկացողութեան» մը գոյութիւնը խնդրոյ առարկայ կողմերուն միջեւ: Հասկացողութիւն, որ կրնայ թարգմանուիլ փողոցի ընկերային-տնտեսական ցոյցերու բողոքը «լռեցնող» յաւելումի որոշումով մը, որուն յաջորդէ խորհրդարանի պաշտօնավարութեան գէթ մէկ տարիով երկարաձգում եւ ապա` նախագահական ընտրութեան կայացում:

Այս ուղղութեամբ ուշագրաւ էր երէկ Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան նախագահ Ուալիտ Ժոմպլաթի անունով երկրագործութեան նախարար Աքրամ Շեհայէպի` զօր. Միշել Աունին փոխանցած յատուկ «նամակ»-ը: Շեհայէպ հաւանաբար նման մագոգային այցելութիւն մը կատարէ նաեւ դէպի Մաարապ` լիբանանեան ուժերու նախագահ Սամիր Ժահժահին եւս փոխանցելու «յատուկ նամակ» մը:

Այս ենթադրութիւններուն տուն տուող հաստատում նկատուեցաւ Ժոմպլաթի այն յայտարարութիւնը, թէ զօր. Միշել Աուն օրինական ամէն իրաւունք կը վայելէ ներկայանալու իբրեւ նախագահական թեկնածու: «Նահար» օրաթերթի այսօրուան թիւով լոյս տեսնող հարցազրոյցի մը մէջ կատարած իր յայտարարութեամբ, Ժոմպլաթ կը փորձէ խուսափիլ իր վրայ բեռցնելէ նախագահական ընտրութեան ձախողութեան պատասխանատուութիւնը, ըսելով. «Ես կողմերուն միջեւ հաւասարակշռութիւնը ստեղծող նժարը չեմ»:

Նոյն ծիրին մէջ ուշագրաւ են արտաքին գործոց նախարար Ժպրան Պասիլի ձեռնարկած խորհրդակցութիւնները արտասահմանի մէջ, որոնց նորագոյն հանգրուանը եղած էր Ֆրանսան:

Արդարեւ, ֆրանսացի իր պաշտօնակից Լորան Ֆապիւսի հետ Պասիլի խորհրդակցութիւնները շրջանի իրադարձութեանց կողքին ընդգրկեցին նաեւ Լիբանանի իրավիճակը, յատկապէս` բանակի զինման թէ նախագահական ընտրութեան կայացման շուրջ: Ըստ կարգ մը դէտերու, նախագահական ընտրութիւնը կը նախատեսուի կատարել նոյեմբերի վերջը:

Share this Article
CATEGORIES