Հայուհի Մը Ընտրուած Է Շուէտի Խորհրդարանի Փոխնախագահ

Իզապել Տինկիզեան
Շուէտի խորհրդարանին` Ռիքստակի պաշտօնական կայքը կը հաղորդէ, որ ընտրութիւններու իբրեւ արդիւնք Կանաչներու կուսակցութեան անդամ Իզապել Տինկիզեան ընտրուած է խորհրդարանի փոխնախագահ:
Խորհրդարանի նախագահ ընտրուած է Ընկերվար ժողովրդավարական կուսակցութենէն Ուրպան Ալինա, առաջին փոխնախագահ դարձած է Չափաւորական կուսակցութենէն Թոպիաս Պիլսթրեմ, իսկ երկրորդ փոխնախագահ` Շուէտի ժողովրդավարներ կուսակցութենէն Պիոռն Սիոտեր: Տինկիզեան երրորդ փոխնախագահն է:
Իզապել Տինկիզեան 2006-էն ի վեր անդամ է Շուէտի խորհրդարանին: Ան խորհրդարանին մէջ անդամ եղած է մշակութային հարցերու յանձնախումբին, փոխանդամ` շարք մը յանձնախումբերու, ներառեալ` աշխատանքի շուկայի եւ կրթութեան յանձնախումբերուն:
Տինկիզեան ընտրուած է Սթոքհոլմ գաւառի խորհուրդի ընտրամասէն:

