Հայաստանի Հանրապետական Կուսակցութիւնը Տապալեց Արտակարգ Նիստը

0930_AJ_Ardahert-nisd2Հայաստանի խորհրդարանի ոչ իշխանական ուժերը երէկ յաջողեցան հաւաքել անհրաժեշտ թիւով ստորագրութիւնները` «Շրջանառութեան հարկի մասին» օրէնքի փոփոխութիւններուն վերաբերեալ երէկ երեկոյեան արտակարգ նիստ հրաւիրելու համար:

Առաւօտեան կանուխ Ազգային ժողովի շէնքին առջեւ հաւաքուած հարիւրաւոր առեւտրականներուն այս լուրը յայտնեց Բարգաւաճ Հայաստան խմբակցութեան պատգամաւոր Միքայէլ Մելքումեան: Ցուցարարները ծափահարութիւններով դիմաւորեցին շէնքէն դուրս եկող քառեակի պատգամաւորները:

«Հինգ վայրկեան առաջ մենք արդէն հաւաքեցինք անհրաժեշտ 45 ստորագրութիւնները: Ստորագրած են ոչ իշխանական քաղաքական բոլոր ուժերուն պատգամաւորները, նաեւ անկախ պատգամաւոր Էտմոն Մարուքեան ստորագրած է»,  յայտարարեց Մելքումեան:

Սակայն երէկ երեկոյեան, Հայաստանի հանրապետական կուսակցութեան խմբակցութիւնը տապալեց «Շրջանառութեան հարկի մասին» օրէնքին մէջ փոփոխութիւններ կատարելու հարցով Ազգային ժողովի ոչ իշխանական ուժերու հրաւիրած արտակարգ նիստը:

Հայաստանի հանրապետական կուսակցութեան պատգամաւորները չներկայացան: Նիստին ներկայացան միայն ոչ իշխանական ուժերու եւ Օրինաց երկիր խմբակցութեան 37 պատգամաւորներ:

Share this Article
CATEGORIES