Արծուիկ Մինասեան. «Ինչո՞ւ Քաղաքացին Միշտ Դժգոհած Է Իշխանութիւններէն, Որովհետեւ Հայաստանը Ունի Համակարգային Խնդիր»
Երէկ Հայաստանի Ազգային ժողովի յայտարարութիւններու բաժինին ընթացքին Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան պատգամաւոր Արծուիկ Մինասեան անդրադարձաւ սահմանադրական փոփոխութիւններուն: «Սահմանադրութիւնը ժողովուրդին կամքն է, եւ եթէ այդ կամքը կը ներկայացուի աղաւաղուած տեսքով կամ կը պայմանաւորուի իշխանութեան ցանկութեամբ, ապա նման հասարակութիւն չի կրնար լաւ ապագայ ունենալ», յայտնեց ան: Անդրադառնալով սահմանադրական բարեփոխումներու խնդիրին` Մինասեան նշեց, որ իրեն համար հասկնալի է, բայց ոչ ընդունելի այն փաստարկը, որ երկրի զարգացման հիմքը կիսանախագահական համակարգն է: Մինասեանի համար նաեւ մերժելի է այն փաստարկը, թէ արդեօք այսօր ստեղծուած իրավիճակի մեղաւորը Սահմանադրութի՞ւնն է: «Անշուշտ, իշխանութեան որակէն շատ բան կախեալ է, բայց ինչո՞ւ պէտք է հասարակութիւնը կախուածութեան մէջ իյնայ միայն իշխանութեան ցանկութենէն: Արդեօք աշխատանքի ընտրութեան ազատութիւնը, որ ամրագրուած է սահմանադրութեան մէջ, բաւարա՞ր է, որ քաղաքացիները ունենան լաւ աշխատանք: Ոչ, բաւարար չէ, որովհետեւ չկայ այդ իրաւունքի գործադրման համար պատշաճ մարմին: Արդեօք բաւարա՞ր է սահմանադրութեամբ ամրագրուած արդար դատաքննութեան իրաւունքը: Ոչ, բաւարար չէ, որովհետեւ այն ուրուագիծը, որ սահմանադրութեան մէջ ամրագրուած է, թոյլ կու տայ իրականացնել արդարադատութիւն` անձի մը ցանկութենէն կապուած», յայտնեց Արծուիկ Մինասեան: Ուստի, ըստ պատգամաւորին, անհրաժեշտ են սահմանադրական բարեփոխումներ, որոնք կը ձեւաւորեն ամբողջական իշխանափոխութեան մեքանիզմներ: Ըստ անոր, պատահական չէ, որ անկախութեան տարիներուն ընթացքին քաղաքացիները միշտ դժգոհած են իշխանութիւններէն` մէկէն` քիչ մը շատ, միւսէն` քիչ մը պակաս, որովհետեւ Հայաստանը ունի համակարգային հարց, այլ ոչ միայն անձերու խնդիր, իսկ սահմանադրական փոփոխութիւնները պիտի լուծեն համակարգային խնդիրը: Ան յորդորեց իր գործընկերներուն` ուշադրութիւնը սեւեռելու սահմանադրական փոփոխութիւններու բովանդակային պահանջին վրայ, որպէսզի հասնին Հայաստանի մէջ խորհրդարանական համակարգի ստեղծման:

