Յունաստանի Նախագահը` Հայաստանի Մէջ. Հայաստան Վճռական Է Եւրոպական Միութեան Հետ Յարաբերութիւնները Զարգացնելու Հարցին Մէջ

8381_bՀայաստանի Հանրապետութեան նախագահի նստավայրին մէջ երէկ տեղի ունեցաւ նախագահ Սերժ Սարգսեանի հրաւէրով պետական այցելութեամբ  Հայաստանի Հանրապետութիւն  գտնուող Յունաստանի նախագահ Քարոլոս Փափուլիասի դիմաւորման պաշտօնական արարողութիւնը, որմէ ետք տեղի ունեցաւ Հայաստանի եւ Յունաստանի նախագահներու դռնփակ հանդիպումը: Սերժ Սարգսեան եւ Քարոլոս Փափուլիաս  երկու երկիրներու պաշտօնական պատուիրակութիւններուն մասնակցութեամբ` ընդլայնուած կազմով, շարունակեցին բանակցութիւնները , որոնց աւարտին ստորագրուեցան հայ-յունական յարաբերութիւններու ամրապնդման եւ խորացման ուղղուած փաստաթուղթեր: Մասնաւորապէս ստորագրուեցան Հայաստանի Հանրապետութեան գիւղատնտեսութեան նախարարութեան եւ Յունաստանի Հանրապետութեան գիւղական զարգացման եւ պարենի նախարարութեան միջեւ համաձայնագիր եւ Հայկական զարգացման գործակալութեան եւ Յունա-հայկական առեւտրական-արդիւնաբերական տան միջեւ փոխըմբռնման յուշագիր:

Նախագահ Սերժ Սարգսեան Յունաստանի նախագահ Քարոլոս Փափուլիասի հետ բանակցութիւններու աւարտին յայտարարեց, որ Հայաստան վճռական է Եւրոպական Միութեան հետ բոլոր ուղղութիւններով յարաբերութիւնները զարգացնելու:

«Վերահաստատեցինք բազմակողմ հարթակներու, որոնց շարքին նաեւ Հայաստան – Եւրոպական Միութիւն գործընկերութեան ծիրին մէջ մեր երկիրներուն միջեւ համագործակցութիւնը աւելի խորացնելու ցանկութիւնը: Ես յայտնեցի Հայաստանի վճռականութիւնը զարգացնելու մեր յարաբերութիւնները Եւրոպական Միութեան հետ կարելի բոլոր ուղղութիւններով, եւ յոյս յայտնեցի, որ բարեկամ Յունաստանը այս հարցին մէջ աջակցի Հայաստանին»,  ըսաւ Սերժ Սարգսեան:

Հայաստանի նախագահը նշեց, որ տնտեսական համագործակցութեան առնչուող հարցերէն բացի, անդրադարձած են շրջանային խնդիրներուն, եւ թէ ինք իր յոյն պաշտօնակիցին ներկայացուցած է ղարաբաղեան խնդիրին շուրջ արձանագրուած վերջին զարգացումները:

«Հայաստան շատ բարձր կը գնահատէ այս հարցին մէջ  Յունաստանի հաւասարակշռուած եւ կառուցողական պաշտօնական դիրքորոշումը, որն է` աջակցիլ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի գործունէութեան եւ Մինսքի խմբակին կողմէ առաջարկուած լուծումներու տարբերակին»:

Հայաստանի նախագահը նաեւ շնորհակալութիւն յայտնեց Յունաստանին` Հայոց ցեղասպանութիւնը «առաջիններէն մէկը օրէնքի ուժով ճանչնալու, իսկ այժմ նաեւ ժխտողականութեան դէմ պայքարին մէջ կատարած կարեւոր օրէնսդրական քայլին  համար»: Ան ընդգծեց, որ 2015 թուականին հայ ժողովուրդը պիտի ոգեկոչէ Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակը, եւ Հայաստան յառաջիկայ տարի պիտի դառնայ այդ յանցագործութեան դէմ միջազգային պայքարի կարեւոր բեմերէն մէկը:

«Ակնյայտ է եւ հասկնալի, որ այսօր ես պարոն նախագահին փոխանցեցի հրաւէր` մասնակցելու 24 ապրիլ 2015-ին Երեւանի մէջ տեղի ունենալիք ձեռնարկներուն», ըսաւ նախագահ Սերժ Սարգսեան:

Ան աւելցուց. «Մենք անշուշտ կարծիքներ փոխանակեցինք նաեւ միջազգային հրատապ հարցերու վերաբերեալ: Իբրեւ երկու հնագոյն քրիստոնեայ ժողովուրդներու ներկայացուցիչներ, մենք յատկապէս մտահոգ ենք  Միջին Արեւելքի մէջ քրիստոնեայ համայնքներու վիճակով»:

Յունաստանի նախագահը իր կարգին նշեց, որ Հայաստանի նախագահին ներկայացուցած է Կիպրոսի տագնապին վերջին զարգացումները:

Նախագահ Սերժ Սարգսեան եւ Յունաստանի Հանրապետութեան նախագահ Քարոլոս Փափուլիաս ապա մասնակցեցան Երեւանի «Արմենիա Մարիոթ» պանդոկին մէջ տեղի ունեցած  հայ-յունական գործարար համաժողովին, ուր հանդէս եկան ողջոյնի խօսքով:

Յունաստանի Հանրապետութեան նախագահ  Քարոլոս Փափուլիաս երէկ նաեւ աշխատանքային ճաշ ունեցաւ Հայաստանի վարչապետ Յովիկ Աբրահամեանի հետ: Հայաստանի վարչապետը եւ Յունաստանի նախագահը բարձր գնահատեցին երկու բարեկամ երկիրներու բազմադարեան պատմամշակութային կապերը եւ կարեւոր նկատեցին տարբեր մարզերու մէջ հայ-յունական արդիւնաւէտ համագործակցութեան ամրապնդումն ու հետագայ զարգացումը:   Զրուցակիցները ընդգծեցին, որ Հայաստանի եւ Յունաստանի կառավարութիւնները պէտք է շարունակեն ջանքեր գործադրել` երկկողմանի տնտեսական յարաբերութիւնները աւելի աշխուժացնելու, առեւտրական շրջանառութեան ծաւալները աւելցնելու եւ միացեալ տարբեր ծրագիրներ իրականացնելու համար:

 

 

Share this Article
CATEGORIES