Հայաստան Եւ Բրիտանիա Զինուորական Համագործակցութեան Ծրագիր Ստորագրեցին
29-30 սեպտեմբերին Երեւանի մէջ տեղի ունեցան հայ – բրիտանական առաջին ռազմաքաղաքական քննարկումները Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան պաշտպանական քաղաքականութեան վարչութեան եւ Բրիտանիոյ պաշտպանութեան նախարարութեան միջազգային համագործակցութեան վարչութեան ներկայացուցիչներուն մասնակցութեամբ:
Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան մէջ տեղի ունեցած հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան հայ – բրիտանական զինուորական համագործակցութեան ներկայիս մարզերու զարգացման եւ նոր նախաձեռնութիւններու առաջադրման առնչուող հարցեր: Ապա ստորագրուեցաւ հայ – բրիտանական զինուորական համագործակցութեան 2015-2016 թուականներու ծրագիրը:
Երէկ ներկայացուեցան քննարկումներուն արդիւնքները Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարի առաջին տեղակալ Դաւիթ Տօնոյեանի եւ Հայաստանի մէջ Բրիտանիոյ դեսպան Քեթրին Լիչի մասնակցութեամբ:

