Ռուսիոյ Ֆութպոլի Ախոյեանութիւն. Սարգիսով Երկու Կոլի Եւ Երկու Կոլի Փոխանցման Հեղինակ

Արթուր Սարգիսով (աջին)
11 հոկտեմբերին Եուրօ-2016-ի Եւրոպայի ֆութպոլի ախոյեանութեան զտումի մրցաշարքին ծիրին մէջ, Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականը Երեւանի մէջ պիտի հիւրընկալէ Սերպիան:
Այս մրցումին իրենց ստացած վնասուածքներուն պատճառով Հայաստանէն պիտի բացակային Հենրիխ Մխիթարեան, Գէորգ Ղազարեան եւ Արազ Օզպիլիս, մինչ Եուրա Մովսիսեանի մասնակցութիւնը հարցականի տակ է, որովհետեւ վիրաւոր ըլլալուն պատճառով ան ցարդ որեւէ պաշտօնական մրցումի չէ մասնակցած այս տարեշրջանին:
Եթէ անոնց բացակայութիւնը որոշ չափով մը տխրեցուցիչ է, անդին Հայաստանի հաւաքականի երկու յառաջապահներ Էտկար Մանուչարեան (Ուրալ) եւ Արթուր Սարգիսով (Վոլքա) քիչ մը կ՛ուրախացնեն հայ ֆութպոլասէր հասարակութիւնը եւ լաւ մարզավիճակի մէջ գտնուելով, պարբերաբար կոլեր կը նշանակեն իրենց ակումբներուն հետ, կը յայտնէ ArmSport.am:
Նախորդ շաբաթավերջին Ռուսիոյ ֆութպոլի Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 12-րդ հանգրուանի մրցումներուն, Նիժնի Նովկորոտ Վոլքա 6-0 արդիւնքով ջախջախեց Խապարովսքի Էներկիան:
Այս մրցումին լաւագոյն մարզիկը` Արթուր Սարգիսով, որ նշանակեց երկու կոլ (16-րդ եւ 37-րդ), կատարեց նաեւ երկու կոլի փոխանցում:
Նշենք, որ այս մրցումէն կը բացակայէր Վոլքայի միջնապահ Արթուր Մինոսեան:

