Ճիպրալթարը ՖԻՖԱ-ի Անդամ Չընդունեցին` Սպանիոյ Պահանջով
Իր լուրը քաղելով Sport.es կայքէն` ArmSport.am կը հաղորդէ, որ ՖԻՖԱ-ն բացատրած է, թէ ի՛նչ պատճառներով ինք հրաժարած է Ճիպրալթարի ֆութպոլի ֆետերասիոնը իբրեւ իր մէկ անդամը ընդունիլ:
Նշենք սակայն, որ կարճ ժամանակ առաջ Ճիպրալթար շատ դիւրութեամբ իբրեւ «Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ի անդամ ճանչցուած էր եւ արդէն իսկ իր մասնակցութիւնը կը բերէ Եուրօ-2016-ի ֆութպոլի ախոյեանութեան զտումի մրցաշարքին, իսկ անոր ակումբները այս տարեշրջանին արդէն իսկ կը մասնակցին Եւրոպայի բաժակի մրցաշարքերուն:
ՖԻՖԱ-ի հաղորդագրութեան մէջ կ՛ըսուի. «Ճիպրալթար չի կրնար ՖԻՖԱ-ի անդամ դառնալ, որովհետեւ ՖԻՖԱ-ի կանոնագրութեան 10-րդ յօդուածին համաձայն, այս կամ այն շրջանին մէջ, որ ցարդ անկախութիւն չէ ստացած, ֆութպոլի կառոյցը ղեկավարող նոր ֆետերասիոնը ՖԻՖԱ-ին անդամ կրնայ դառնալ միայն այն ատեն, եթէ համաձայնութիւն տայ այն երկիրը, որուն կը պատկանի այդ շրջանը, ինչպէս նաեւ անիկա պէտք է ճանչցուի միւս ֆետերասիոններուն կողմէ: Ինչ կը վերաբերի Ճիպրալթարին, ապա անոր ֆետերասիոնը չի ճանչցուիր Սպանիոյ կողմէ»:
Այսպիսով, ներկայ հանգրուանին Ճիպրալթար իր մասնակցութիւնը պիտի չկարենայ բերել այն մրցաշարքերուն եւ ախոյեանութիւններուն, որոնք տեղի կ՛ունենան ՖԻՖԱ-ին հովանաւորութեամբ:
Նոյն պատճառով պաշտօնական մրցումներու չի կրնար մասնակցիլ նաեւ Քոսովոյի հաւաքականը: Սակայն վերջինս որոշ չափով ճանչցուած է եւ կրնայ ֆութպոլի բարեկամական մրցումներ կատարել:

