Սեւակ Եալիչ Փոխեց Իր Ակումբը
Նախորդ տարեշրջանին Օլիմփիք Մարսէյի պատանեկան խումբերէն մէկուն հետ ելոյթ կ՛ունենար հայազգի ֆութպոլիստ Սեւակ Եալիչ, որ այս ամրան ընթացքին հրաւէր ստացաւ Հայաստանի 19 տարեկանէն վար հաւաքականէն:
ArmSport.am Եալիչէն տեղեկացաւ, որ ան փոխած է իր ակումբը եւ ներկայիս հանդէս կու գայ Մարիկնան ակումբի 19 տարեկանէն վար դասակարգի խումբին հետ եւ որուն հետ արդէն իսկ մասնակցած է այդ տարիքային խումբի Ֆրանսայի ֆութպոլի ախոյեանութեան վերջին երկու հանգրուանի մրցումներուն:
«Տեղափոխութիւնը պայմանաւորուած էր անով, որ Մարսէյի հետ այդքան ալ իբրեւ հիմնական մարզիկ նկատի չէի առնուեր», ըսաւ Եալիչ:
Շուրջ 30 տարի առաջ Եալիչ ընտանիքը Թուրքիայէն տեղափոխուած է Ֆրանսա եւ բնակութիւն հաստատած Մարսէյի մէջ: Եալիչ 5 տարեկանէն կը զբաղի ֆութպոլով: Ան 2012-ին հրաւէր ստացած էր Մարսէյէն:
Իսկ ինչ կը վերաբերի Հայաստանի դրօշին տակ հանդէս գալուն, ապա Եալիչի հետ Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնը թէեւ կապի մէջ կը մտնէ միշտ, սակայն ցարդ ան Հայաստանի քաղաքացիութիւն չունի եւ առայժմ չի կրնար հանդէս գալ տարիքային որեւէ հաւաքականի հետ:

