Հայ Երգի Թագուհին (Հարցազրոյց` Անուանի Ժողովրդական Երգչուհի Օֆելիա Համբարձումեանին Հետ)

OpheliaHampartsoumian_InterviewՀարցազրոյցը` վարեց եւ խմբագրեց` ՌՈՊԷՐԹ ԱՌԱՔԵԼԵԱՆ

Վերջերս մեծահամբաւ ժողովրդական երգչուհի Օֆելիա Համբարձումեանը արժանացաւ Ռուսիոյ Դաշնութեան «Լեգենդ» շքանշանին, որ կը շնորհուի բացառիկ, վաստակաշատ հանճարներուն, դժուար է թուարկել հայ երգարուեստին ծառայած հռչակաւոր երգչուհիին ստացած բարձր կոչումները, շքանշաններն ու մետալները, համաշխարհային եւ հանրապետական մրցանակներն ու պատուոգիրները, սակայն Օֆելիա Համբարձումեանը իր մեծագոյն պարգեւը կը համարէ հայ ժողովուրդին կողմէ իրեն տրուած պատուաւոր կոչումը` Հայ երգի թագուհի:

Անուանի երգչուհին ամարանոց մեկնելէն առաջ մերժեց հարցազրոյց տալ, սակայն լսելով «Ազդակ» օրաթերթին մասին` սիրով տրամադրեց իր թանկագին ժամանակը:

ՌՈՊԵՐԹ ԱՌԱՔԵԼԵԱՆ.- Ներկայիս ի՞նչ կեանքով ու կենցաղով կ՛ապրի աշխարհի բոլոր մայր ցամաքները նուաճած Հայ երգի թագուհին:

ՕՖԵԼԻԱ ՀԱՄԲԱՐՁՈՒՄԵԱՆ.- Ամէն առտու կ՛արթննամ յաւերժ ապրելու փափաքով: Կ՛ապրիմ անցեալի յուշերով, նաեւ` ներկայով: Կը կարդամ, կը հետեւիմ հեռատեսիլի լուրերուն, կը զբաղիմ խոհանոցով, կը հպարտանամ մեր ազգի երիտասարդ տաղանդներով, կը հրճուիմ զաւակներուս յաջողութիւններով: Դուստրս` Տաթեւիկը, անուանի երգչուհի է, տղաս` Յովիկը, 1980-էն մինչեւ օրս Հայաստանի Պետական ռատիոյի էսդրատային սիմֆոնիք նուագախումբին քոնցերթմայսթրոն է (առաջին ջութակ): Անոնք ալ ինծի պէս գիւղի ու բնութեան մեծ սիրահար են:

Ռ. Ա.- Ձեր ստեղծագործական ամբողջ կեանքին ընթացքին դուք եղած էք իւրաքանչիւր հայու տան սիրուած անդամը` երգելով սէր, կարօտ, հայրենիք… Երգեր, որոնց մէջ շեշտուած է խորունկ սէրը մարդոց հանդէպ: Ինչպիսի՞ն է այսօրուան մարդը:

Օ. Հ.- Մարդը առհասարակ նոյնն է բոլոր ժամանակներուն մէջ: Մովսէս Խորենացիին ողբը կարծես թէ այսօրուան մարդուն մասին է:

Այս օրերուս թէեւ ծանր է մեր քաղաքացիներուն կեանքը, սակայն պէտք չէ ամէն ինչ կապել երկրի առաջին դէմքին հետ:

Սեփական մտածելակերպին զուգահեռ, հայը այսօր չունի պետական մտածելակերպ, հետեւաբար իր շեմէն դուրս ոչ մէկ բան իրենը կը համարէ: Շարունակ տխուր լուրեր են, զոհեր սահմանին վրայ, ինքնաշարժի վթարներ: Ի դէպ, տաղանդաւոր դերասան Վարդան Պետրոսեանի ինքնաշարժին արկածը իւրայատուկ ձեւով ցնցած է զիս:

Մեզմէ իւրաքանչիւրս կրնար յայտնուիլ Վարդանի կարգավիճակին մէջ: Չարաբաստիկ այս վթարին պատճառով արդէն իսկ կորսնցուցինք երկու երիտասարդներ: Երրորդն ինչո՞ւ զոհել…

Խառն ժամանակաշրջան կ՛ապրինք: Դժուարութիւններ միշտ եղած են, սակայն այսօր, երբ մեր անկախ երկիրը առաւել պէտք ունի կարգապահութեան, փոխադարձ յարգանքի ու ջերմութեան, ամէնուր մռայլ դէմքեր են, արժէքներու խառնաշփոթ, նախանձ ու ագահութիւն:

Ռ.Ա.- Արդեօք Աւետիք Իսահակեանը այսօրուա՞ն համար կ՛ըսէր. «Ես ձեզ ասում եմ կը գայ հոգու սով…»:

Օ. Հ.- Այո՛, այսօր բոլորս կ՛ապրինք. «Հրեղէն խօսքի, վեհ խօսքի կարօտով», սակայն մեր ազգը մեծ սիրտ ունի, սուր միտք, տաղանդաւոր է, ստեղծագործող, հետեւաբար այս ճահիճէն դուրս գալու ելքը կը գտնէ:

Օտարութեան մէջ մենք շարունակ հայու աչքեր կը փնտռենք, սիրալիր ենք, համերաշխ, հետեւաբար տակաւին ամէն ինչ կորած չէ:

Ռ. Ա.- Յաճա՞խ առիթներ կ՛ունենաք ճամբորդելու:

Օ. Հ. Վերջին եօթը տարիներուն չեմ ճամբորդած: Տարիներ առաջ երգչուհի Նառայի հրաւէրով Պէյրութի մէջ քանի մը ելոյթներ ունեցայ… Այժմ, երբ անուանի երգիչ Ռուբէն Մաթեւոսեանը ստանձնած է Արամ Մերանկուլեանի անուան ժողովրդական գործիքներու համոյթի գեղարուեստական ղեկավարութիւնը, ամէն ինչ փոխուած է: Այդ մէկը մեծագոյն սխալ մըն էր: Համերգային շրջագայութիւններով ճամբորդելու իրաւունքը միայն իրեն վերապահուած է, իր անձին: Ռուբէնը մեծագոյն երգիչ է, անզուգական կատարող, սակայն համոյթին այսօր կը պակսի հմուտ, անաչառ գեղարուեստական ղեկավարն ու խմբավարը:

Ռ. Ա.- Նոյնքան պահանջկոտ ու բծախնդի՞ր էք, ինչպէս ձեր գործընկերներու, նոյնպէս եւ` ձեր նկատմամբ:

Օ. Հ.- Ինքս իմ նկատմամբ պահանջկոտութեանս ու բծախնդրութեանս պատճառով երբեք չեմ բաւարարուած ձեռք բերածով, շարունակ ձգտելով կատարելութեան: Երբ կը լսեմ ձայնագրութիւններս, կը մտածեմ, թէ կարելի էր այլ կերպ կատարել: Ներկայիս ձայնս պահպանուած է ու թէեւ առաջուանը չէ, սակայն իրենց աստղային ժամը ապրող շատ մը երգչուհիներու ձայներէն առայժմ լաւ է: Այդ երգչուհիներուն մէկ մասը խորհուրդ ստանալու նպատակով կը դիմէ ինծի եւ արդիւնքի հասնելով` երախտագիտութեամբ կը շարունակէ իր երթը, իսկ իրենք զիրենք «աստղ» յորջորջող երգչուհիները երբեմն կը նեղուին նկատողութիւններէս: Անոնք կը նախընտրեն դիւրին ճամբան: Թեքնիք հնարքներով ու երգին ոչ վայել «շքեղ» հագուածքներով, կամ այլոց կրկնելով` բեմեր կը նուաճեն, սակայն այդ բոլորը մնայուն արժէքներու հետ կապ չունին: Պարոյր Սեւակին տողերը կարծես թէ իրենց կը վերաբերին` «Պէտք է երկնել» ոչ թէ` կրկնել…

Ռ. Ա.- Ինքնատպութեան լաւագոյն օրինակ մըն է ձեր դուստրը` ճազի անզուգական կատարող Տաթեւիկ Յովհաննիսեանը:

Օ. Հ.- Տաթեւիկը ճազային երգարուեստի մէջ կը պաշտէր Էլա Ֆիցճերալտը, սակայն երբեք չկրկնեց զայն: Այսօր Տաթեւիկը մեծ անհատականութիւն է ամերիկեան ճազին: Մեր մէջ ինքնատպութեան պակասը կայ: Երբեմն ալ ինքնատիպ երեւնալու համար սխալ ճամբայ կ՛ընտրեն:

Ռ. Ա.- Օրինա՞կ:

Օ. Հ.- Օրինակ` Աշուղ Շերամին երգերը անարատ մեղրի պէս քաղցր են, մեր «աստղերը», կը փորձեն այդ մեղրին շաքար խառնել, սակայն ի՞նչ արժէք ունի շաքարախառն մեծամտութիւնը: Զարմանալի է, ո՛վ որ իրաւունք ունի մեծամտանալու, կ՛ապրի պարզ կեանքով:

Այս օրերուս Գոհար Գասպարեաններու հանճարի, համեստութեան եւ պարզութեան պակասը կայ: Փոխարէնը` շատցած են պատուաւոր կոչումները, մետալները, մեծարման երեկոները…

Ռ. Ա.- Երբեւէ մտածա՞ծ էք զբաղիլ մանկավարժական գործունէութեամբ:

Օ. Հ.- Հռչակաւոր բեմադրիչ Էնզենշթայն կ՛ըսէր` «Արուեստը անկարելի է սորվեցնել, բայց սորվիլ կարելի է…»:

Ամբողջ կեանքիս ընթացքին երգած եմ, հետեւաբար կը հաւատամ, թէ պարզ հողի աշխատաւորէն մինչեւ արուեստագէտ ու գիտնական իմ երգերէս առած են այն, ինչ որ իրենց անհրաժեշտ եղած է…

Ռ. Ա.- Հայկական որոշ հեռուստաալիքներ ժողովրդական երգի մրցումներ կը կազմակերպեն: Դատական կազմի անդամներուն շարքին դուք առաջինը պէտք է ըլլաք, սակայն…

Օ.Հ.- Տարիներ առաջ ես կ՛ընդունէի նման առաջարկներ, սակայն երբ կարգը կու գար գնահատելուն, միջամտութիւններ կամ ճնշում բանեցնելու փորձեր կ՛ըլլային: Եթէ անգամ աշխարհը ինծի տան, չեն կրնար խաղալ իմ սկզբունքայնութեանս հետ: Ի վերջոյ, շիտակ ու արդար գնահատական տուողը ժողովուրդն է: Ինչպէ՞ս կարելի է խաղալ արդարութեան հետ:

Ռ. Ա.- Ձեր ստեղծագործական հարուստ կենսագրութիւնը ինչպէ՞ս կը բնութագրէք մէկ բառով:

Օ. Հ.- Հաւանաբար` կարօտ… Դժուար է ապրիլը առանց բեմի, սակայն կը փորձեմ հարուստ յիշատակներով սփոփուիլ: Կարօտով կը յիշեմ ձիերով գիւղական վայրերու մէջ նշանակուած համերգներուն հասնիլ, միամիտ ու ազնիւ միջադէպերը, խեղճ ու կրակ բեմերէն մինչեւ համաշխարհային մեծագոյն թատերասրահները, աշխարհահռչակ արուեստագէտներու կամ ազդեցիկ քաղաքական գործիչներու հետ առնչութիւններս, ամէնուր հիւրասէր ու բարեկիրթ ընդունելութիւնները… Այո, կարօտ կարօտ` բարութեան ու համերաշխութեան…

Ռ. Ա.- Ժամանակին անկե՞ղծ էր արդեօք բարեկամութիւնը թշնամի Ազրպէյճանին հետ:

Օ. Հ.- Ժամանակին փոխադարձ համերգներ կը կազմակերպուէին Պաքուի եւ Երեւանի մէջ: Երգացանկերուն մէջ եղբայրութեան ու բարեկամութեան թեմաներով երգեր կային: Կար հիւրասիրութիւն, յարգանք, խաղաղութիւն… Ոչ մէկը ժողովուրդ կ՛ուզէ պատերազմ, սակայն Ազրպէյճանի իշխանութիւնները այսօր ցկեանս հայատեաց դարձուցած են իրենց ժողովուրդը` այրելով ետդարձի բոլոր կամուրջները, պատճառ դառնալով հազարաւոր անմեղ զոհերու:

Արուեստը թշնամանք չի ճանչնար, հետեւաբար անկեղծօրէն կը գնահատեմ իրենց երգարուեստը` արեւելեան գայթակղիչ գոյներու ու ձայնածաւալի իմաստով, սակայն իրենցը` կը պատկանի եւ պէտք չէ ընդօրինակել այն, խառնել հայ երգին: Մեր աշուղա-գուսանական երգերուն մէջ ալ Արեւելք կայ, որուն պատճառը դարերով մեր միասին ապրած ըլլալն է:

Ռ. Ա.- Արդեօք օտարներն ալ կը գնահատե՞ն ձեր երգացանկին էջ մնայուն տեղ գտած Սայաթ Նովայի, Շերամի, Ջիւանիի, Հաւասիի, Գուսան Աշուղի, Շահէնի եւ այլոց ստեղծագործութիւնները:

Օ. Հ.- Օտարները միշտ ալ գնահատած ու սիրած են մեր երգերը, յաճախ խնդրած են այդ երգերուն ձայնանիշները սակայն չեն կրցած կատարել: Հաւանաբար մեր երգերը կատարելու համար պէտք է հայու ոգի ունենալ:

Ռ. Ա.- Դեգերող, իր բախտը շարունակ օտար ափերուն մէջ փնտռող հայու ոգին ամէն տեղ է, նաեւ` Լիբանան: Ի՞նչ կը մաղթէք լիբանանահայութեան:

Օ.Հ.- Տասնամեակներ շարունակ Լիբանանը թէեւ պատերազմի դաշտ եղած է, սակայն այնտեղ ապրող հայու ոգին չէ ընկճուած:

Երեք անգամ եղած եմ դրախտային Լիբանան` վայելելով հայրենակիցներուս ջերմ ընդունելութիւնը: Լիբանանին կը մաղթեմ յաւիտեան խաղաղութիւն, իսկ այնտեղ ապրող հայրենակիցներուս` հայու ոգիին յատուկ սէր եւ համերաշխութիւն…

Երեւան

Share this Article
CATEGORIES