Պան Քի Մուն Նեթանիահուին Կոչ Կ՛ուղղէ Կազայի Շրջափակումին Վերջ Տալու

Նեթանիահու եւ Քի Մուն
ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Պան Քի Մուն Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուին կոչ ուղղեց Կազայի շրջափակումին վերջ տալու:
Քի Մուն հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով յայտնեց, որ «նախկին կացութեան վերադառնալը ընտրանք մը չէ», եւ շեշտեց «տագնապի ետին գտնուող պատճառներու լուծման անմիջական կարիքը»:
ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարը խոր մտահոգութիւն յայտնեց բնակեցման աշխատանքներու շարունակման նկատմամբ` նշելով, որ անհրաժեշտ է «առանց յաւելեալ ուշացումի վերականգնել քաղաքական հեռանկարը»:
Քի Մուն ողջունեց Իսրայէլի, Պաղեստինեան իշխանութեան եւ ՄԱԿ-ի միջեւ շինարարական նիւթերու Կազա ապահով մուտքը արտօնող եւ վերաշինութեան շուրջ եռակողմ համաձայնութիւնը:
Ան յոյս յայտնեց, որ այդ համաձայնութիւնը շուտով կը գործադրուի:
CATEGORIES Միջազգային

