Սթոլթընպըրկ` ՕԹԱՆ-ի Նոր Ընդհանուր Քարտուղար

Հանս Սթոլթընպըրկ

Հանս Սթոլթընպըրկ

Անտերս Ֆոկ Ռասմուսեն երէկ հեռացաւ ՕԹԱՆ-ի ընդհանուր քարտուղարի պաշտօնէն եւ զինք փոխարինեց Նորվեկիոյ նախկին վարչապետ 55- ամեայ Հանս Սթոլթընպըրկ: Վերջինս այդ պաշտօնին նշանակուած էր մարտին:

Ռասմուսենի լիազօրութիւնները աւարտած են 30 սեպտեմբերին: Ան «Թուիթըր» ընկերային ցանցին վրայ գրած էր. «Շնորհակալ եմ ՕԹԱՆ-ի դաշնակիցներէն 5 տարուան ընթացքին աջակցութեան եւ վստահութեան համար: Մենք շատ բաներու հասած ենք»: Ան նաեւ նշած է, որ լիազօրութիւնները Սթոլթընպըրկի յանձնելէ ետք ինք վստահ է, որ «ուժեղ դաշինքը կը ձգէ ուժեղ ձեռքերու մէջ»:

«Վրեմիա» կը գրէ, որ հինգ տարուան ընթացքին ՕԹԱՆ-ի ղեկավարի պաշտօնին վրայ Ռասմուսեն երկու առաջնահերթութիւն ունեցած է` յարաբերութիւնները Ռուսիոյ հետ եւ պատերազմը Աֆղանիստանի մէջ: Ան երկու ուղղութիւններով ալ մեծ յաջողութիւններ ունեցած է:

Share this Article
CATEGORIES