Ժողովրդային Եւ Ընկերային Շարժումներ. Քաթալոնիոյ Մէջ Ցուցարարներու Եւ Ոստիկաններու Միջեւ Բախումներ
Vz.ru կը հաղորդէ, որ աւելի քան հարիւր մարդ վրան տեղադրած են Քաթալոնիոյ մէջ սպանական կառավարութեան ներկայացուցչութեան շէնքին առջեւ` իբրեւ բողոք Սպանիոյ Սահմանադրական դատարանի որոշումին դէմ:
Ոստիկանները փորձած են զիրենք հեռացնել մայթերէն, որուն պատճառով տեղի ունեցած են բախումներ: Վիրաւորներ չկան:
Բողոքի ցոյց կազմակերպուած է Քաթալոնիոյ անկախութեան համար պայքարող ձախակողմեան Ազգային միասնութեան թեկնածութիւն խմբաւորումին կողմէ:
Յիշեցնենք, որ շաբաթ օր Քաթալոնիոյ ղեկավար Արթուր Մաս ստորագրած էր 9 նոյեմբերին Սպանիայէն շրջանի անկախացման հարցով հանրաքուէ կատարելու մասին հրամանագիրը:
Սպանիոյ կառավարութիւնը Քաթալոնիոյ ղեկավարի որոշումը «սխալմունք» անուանած էր, իսկ երկրին Սահմանադրական դատարանը կասեցուցած էր որոշումին կատարումը:
Այս բոլորին իբրեւ արդիւնք տասնեակ հազարաւոր մարդիկ փողոց դուրս եկած են` Քաթալոնիոյ մեծ քաղաքներու կառավարական շէնքերուն առջեւ բողոքի ցոյցեր կատարելու համար:
Սպանիոյ վարչապետը իր կարգին յայտարարած է, որ կտրականապէս դէմ է հանրաքուէին եւ ամէն ինչ պիտի ընէ անկախացման փորձերը կասեցնելու համար:

