Ռուսիոյ Դաշնակցային Խորհուրդը Վաւերացուցած Է Եւրասիական Տնտեսական Միութեան Մասին Համաձայնագիրը

Վալենթինա Մաթվիենքօ

Վալենթինա Մաթվիենքօ

«Արմէնփրես»` յղում կատարելով ԻԹԱՐ-ԹԱՍՍ-ին կը հաղորդէ, որ Ռուսիոյ Դաշնակցային խորհուրդը վաւերացուցած է Եւրասիական տնտեսական միութեան մասին համաձայնագիրը: Այդ որոշումը ծերակուտականներուն կողմէ որդեգրուած է միաձայնութեամբ:

«Համաձայնագիրի վաւերացումը պատմական իրադարձութիւն է», յայտարարած է Դաշնակցային խորհուրդի նախագահ Վալենթինա Մաթվիենքօ: Ան շնորհակալութիւն յայտնած է 140 ծերակուտականներուն` իրենց աջակցութեան համար:

Միութեան ստեղծման մասին համաձայնագիրը Ռուսիոյ, Ղազախստանի եւ Պիելոռուսիոյ նախագահները ստորագրած են 29 մայիս 2014-ին:

Share this Article
CATEGORIES