Էրտողան. «Ասատի Կառավարութեան Տապալումն Ու Սուրիական Հողերուն Միասնութիւնը Թուրքիոյ Համար Առաջնահերթութիւն Պիտի Մնան»
Ամերիկեան ղեկավարութեամբ դաշնակից ուժերու օդանաւերը հարուածեցին Թուրքիոյ սահմանակից Այն Արապ (Քոպանի) քաղաքը պաշարած ՏԱՀԵՇ-ի զինեալներուն դիրքերը: Ըստ կարգ մը աղբիւրներու, այդ հարուածները ներառեցին քաղաքին արուարձանները: Քրտական աղբիւրներ «Ռոյթըրզ»-ին յայտնեցին, որ դաշնակից ուժերը հազուադէպ քայլով մը ցերեկով յարձակում գործեցին ՏԱՀԵՇ-ի դիրքերուն դէմ: Ռմբակոծումներուն ձայնը լսելի դարձաւ սահմանին թրքական կողմը եւ քաղաքին հարաւարեւելեան շրջանէն բարձրացող սեւ ծուխ տեսնուեցաւ:
Սուրիացի գործիչներ հաղորդեցին, որ ժիհատականները երեքշաբթիէն չորեքշաբթի լուսցող գիշերուան ընթացքին յառաջացան եւ կը գտնուին քաղաքէն 2-3 քիլոմեթր հեռաւորութեան վրայ:
ՏԱՀԵՇ-ի զինեալներուն եւ քիւրտ զինեալներուն միջեւ բախումները աւելի բուռն դարձան, իսկ Քրտական ժողովրդավարական միութիւն կուսակցութեան ղեկավար Սալեհ Մուսլեմ զգուշացուց, որ եթէ պաշարուած քաղաքը պաշտպանող քիւրտ զինեալներուն զէնքեր չհասնին, ապա քաղաքին մէջ ջարդ տեղի պիտի ունենայ:
Մինչ այդ, Թուրքիոյ կառավարութիւնը երեքշաբթի գիշեր խորհրդարանին ներկայացուցած էր բանաձեւ մը, որ թրքական բանակը կը լիազօրէ ուժ օգտագործել Սուրիոյ եւ Իրաքի մէջ: Կը նախատեսուի, որ խորհրդարանը այսօր քննարկէ եւ վաւերացնէ բանաձեւը:
Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան երէկ իր երկրին խորհրդարանին առջեւ արտասանած իր խօսքին մէջ յայտարարեց. «Ասատի կառավարութեան տապալումն ու Սուրիոյ հողամասերուն միասնութիւնը Թուրքիոյ համար առաջնահերթութիւն պիտի մնան»: Ան աւելցուց. «Աշխատանք պիտի տանինք սուրիացի 1.5 միլիոն գաղթականները իրենց երկիրը վերադարձնելու»:
Ապահովական աղբիւրներ «Թըրքիշ Տէյլի Նիուզ»-ին յայտնած են, որ Թուրքիա կը ծրագրէ Սուրիոյ մէջ իր սահմանին մօտ ստեղծել ապահովական գօտի մը, որ պիտի ըլլայ Սուրիական ազատ բանակի ու Իսլամական ճակատի վերահսկողութեան տակ եւ հաւանաբար միայն թուրք զինուորներու հսկողութեան տակ:
Աղբիւրները նշած են, որ Անգարա պիտի նախընտրէր, որ այդ գօտին հաստատուի ամերիկեան ղեկավարութեամբ դաշնակից ուժերուն կողմէ, սակայն թրքական բանակը կը պատրաստուի զայն հաստատելու նոյնիսկ առանց օտար ուժերու մասնակցութեան:
Աղբիւրները կ՛աւելցնեն, որ ապահովական գօտին պիտի չներառէ հիւսիսային Սուրիոյ մէջ գտնուող այն շրջանները, որոնք կը գտնուին քրտական Ժողովրդավարական միութիւն կուսակցութեան կամ ՏԱՀԵՇ-ի վերահսկողութեան տակ, որպէսզի թրքական զօրքերը անոնց հետ բախում չունենան:
Մինչ այդ, Իրաքի արտաքին գործոց նախարար Իպրահիմ Ժահֆարի երէկ կասկած յայտնեց «Թուրքիոյ մտադրութեանց» նկատմամբ` զայն նկատելով «ահաբեկչութեան հիմնական գործընկեր մը»: Իրաքեան դիւանագիտութեան պետը նաեւ զգուշացուց. «Իրաքի գերիշխանութիւնը կարմիր գիծ է եւ ոեւէ մէկուն պիտի չարտօնուի զայն շրջանցել»:

