Ասիրի. «ՏԱՀԵՇ Ահաբեկչական Կազմակերպութիւն Է, Եւ Անոր Արարքները Իսլամական Կրօնէն Շատ Հեռու Են»
Լիբանանցի-հոլանտացի գործարարներու միութեան կողմէ ի պատիւ Լիբանանի մէջ Սէուտական Արաբիոյ դեսպան Ալի Աուատ Ասիրիի կազմակերպուած մեծարանքի երեկոյին ընթացքին Ասիրի արտասանեց խօսք մը, որուն մէջ շեշտեց, որ իսլամներուն համար անարդարութիւն կը նկատուի այն իրականութիւնը, թէ ՏԱՀԵՇ իսլամական պետութիւն է:
«ՏԱՀԵՇ ահաբեկչական կազմակերպութիւն է եւ անոր արարքները իսլամական կրօնէն շատ հեռու են», ըսաւ Ասիրի:
Ան աւելցուց, որ հիւսիսային Լիբանանի բնակչութիւնը Տար Ֆաթուայի հոգատարութեան կարիքը ունին, որովհետեւ այդ շրջանը ահաւոր յուսալքումի մէջ է, յատկապէս հոգեւոր իմաստով, հետեւաբար հանրապետութեան միւֆթի շէյխ Ապտել Լաթիֆ Տըրիան պէտք է ամէն ջանք ի գործ դնէ` յուսադրելու համար Թրիփոլիի բնակչութիւնը:
Ասիրի շեշտեց, որ Սէուտական Արաբիա յանձնառու կը մնայ Լիբանանի միասնականութեան եւ ապահովական կայունութեան` աւելցնելով, որ իրենք կը քաջալերեն նաեւ քաղաքական միասնականութիւնն ու ազգային համերաշխութեան պահպանումը:

