Պասիլ Վերադարձաւ Պէյրութ

Պասիլ` մամլոյ ասուլիսին ընթացքին
Արտաքին գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլ երէկ երեկոյեան վերադարձաւ Լիբանան:
Պէյրութի միջազգային օդակայանին մէջ տրուած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին Պասիլ բացատրեց, որ ՄԱԿ-ի մէջ լիբանանեան դիւանագիտական պատուիրակութեան անդամ Քարոլայնի մասին սպրդեցուած վիտէոն, որ իրեն կը վերաբերի, մասնատուած է:
Միւս կողմէ, Փարիզի մէջ Պասիլ հանդիպեցաւ Ֆրանսայի խորհրդարանի նախագահ Քլոտ Պարթոլոնի, որուն հետ քննարկեց Լիբանանի մէջ տիրող իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ սէուտական նուիրատուութեամբ լիբանանեան բանակը զինելու եւ Լիբանան հասած գաղթականներուն աւելի լաւ կերպով օժանդակելու վերաբերող հարցեր:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան Լիբանանի նախագահական ընտրութիւնն ու Լիբանանի ներքին քաղաքական իրադարձութիւնները` ահաբեկչութեան դիմադրելու շրջագիծին մէջ:
Պասիլ յայտնեց, որ ֆրանսական կողմը հաստատած է, որ լիբանանեան բանակը զինելու հոլովոյթը ճիշդ հունի մէջ դրուած է եւ կը սպասուի Սէուտական Արաբիոյ կողմէ որոշ յստակացումներու:
Պասիլ շեշտեց, որ Լիբանանի մատուցուած առանց նախապայմանի զինուորական որեւէ օժանդակութիւն ողջունելի է` աւելցնելով, որ Լիբանան ահաբեկչութեան դէմ պայքարի միջազգային դաշինքէն պիտի չխնդրէ ռմբակոծել Արսալի բարձունքները:
Պասիլ հաստատեց, որ իրենք կը փափաքին երկրին մէջ նախագահական ընտրութիւն կատարել, սակայն չեն փափաքիր վեց այլ ձախող տարիներ անցընել:

