Ժեմայէլ – Ֆլեչըր Հանդիպում

Ֆլեչըր եւ Ժեմայէլ

Ֆլեչըր եւ Ժեմայէլ

Փաղանգաւոր կուսակցութեան ղեկավար Ամին Ժեմայէլ երէկ Պիքֆայայի մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Բրիտանիոյ դեսպան Թոմ Ֆլեչըրը, որուն հետ քննարկեց Արսալի մէջ եւ Լիբանանի արեւելեան սահմաններուն վրայ տեղի ունեցող վտանգաւոր իրադարձութիւնները:

Հանդիպումին ընթացքին Ժեմայէլ շեշտեց, որ պէտք է բոլոր սահմանները փակել եւ զանոնք հակակշիռի տակ առնել, ինչպէս նաեւ լիբանանեան բանակին կարողութիւնները ամրապնդել` երաշխաւորելու համար երկրին ապահովութիւնը:

Ֆլեչըր ընդգծեց Բրիտանիոյ եւ ահաբեկչութեան դէմ պայքարի միջազգային դաշինքին մաս կազմող պետութիւններուն պատրաստակամութիւնը` օժանդակելու բանակին եւ պահպանելու Լիբանանի կայունութիւնը:

Հանդիպումին ընթացքին շեշտուեցաւ նաեւ լիբանանեան քաղաքական բոլոր ուժերուն կողմէ նախագահական ընտրութիւն կատարելու ջանքերը բազմապատկելու անհրաժեշտութիւնը:

Share this Article
CATEGORIES