Մարոնի Եպիսկոպոսներու Խորհուրդը Ընդգծեց, Որ Օրինական Միակ Անհրաժեշտութիւնը` Նախագահական Ընտրութիւնն Է

Խորհուրդի նիստէն պահ մը

Խորհուրդի նիստէն պահ մը

Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը երէկ Պքերքէի մէջ նախագահեց Մարոնի եպիսկոպոսներու խորհուրդի նիստին, որմէ ետք հրապարակուեցաւ հաղորդագրութիւն մը, ըստ որուն պէտք է յստակ եւ անկեղծ կեցուածք որդեգրել, ինչպէս նաեւ լիբանանեան ընկերութեան մէջ նախազգուշական արշաւ մը կազմակերպել` ահաբեկչական խմբաւորումներուն ներկայացուցած վտանգին դէմ:

Մարոնի եպիսկոպոսներու խորհուրդը զօրակցութիւն ցուցաբերեց` առեւանգուած բանակայիններուն ընտանիքներուն եւ անոնց ցաւերուն նկատմամբ հասկացողութիւն ցուցաբերեց, ընդգծելով, որ պատասխանատուները այս զգացումները պէտք է նկատի ունենան:

Մարոնի եպիսկոպոսները կոչ ուղղեցին բոլորին զօրակցելու զինուորական հաստատութիւններուն, ինչպէս նաեւ ապահովութեան ուժերուն, որովհետեւ անոնք են, որոնք երկիրը կը փրկեն վտանգներէն:

Մարոնի եպիսկոպոսները հաղորդագրութեան մէջ մտահոգութիւն յայտնեցին Թրիփոլիի մասին տեղեկատուութիւններուն գծով, յատկապէս այն առումով, որ անիկա ահաբեկչական խմբաւորումներուն որջն է: Միւս կողմէ, մարոնի եպիսկոպոսները դրուատեցին Թրիփոլիի զանազան հեղինակութիւններուն կողմէ շրջանին քաղաքակրթական դիմագիծին պահպանումին նպատակով որդեգրուող քայլերը:

Անդրադառնալով խորհրդարանին կողմէ գումարուող օրէնսդրական նիստին, Մարոնի եպիսկոպոսներու խորհուրդը հաստատեց, որ օրինական միակ անհրաժեշտութիւնը հանրապետութեան նախագահի ընտրութիւնն է` աւելցնելով, որ անկէ բացի կատարուած աշխատանքները սահմանադրութեան խախտում են:

Մարոնի եպիսկոպոսներու խորհուրդը խստիւ դատապարտեց մարդոց առեւտուրը, թմրեցուցիչի մաքսանենգումը, ինչպէս նաեւ Լիբանան հասած գաղթական կիները մարմնավաճառութեան մարզին մէջ շահագործելու արարքները եւ կոչ ուղղեց լիբանանեան պետութեան բարոյական անձեռնմխելիութիւն պարտադրելու` լիբանանեան ընկերութիւնը այդ վտանգներէն փրկելու համար:

 

Share this Article
CATEGORIES