Վարչապետ Սալամ Ընդունեց Եւրոպական Միութեան Ներկայացուցիչը

Էխհորեսթ եւ Սալամ
Վարչապետ Թամմամ Սալամ երէկ վարչապետարանին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Եւրոպական Միութեան ներկայացուցիչ Անժելինա Էխհորեսթը, որուն հետ քննարկեց Լիբանանը յուզող հարցերը:
Հանդիպումէն ետք Էխհորեսթ ընդգծեց, որ Եւրոպական Միութիւնը ամէն իմաստով պիտի շարունակէ զօրակցիլ Լիբանանին:
Էխհորեսթ աւելցուց, որ վարչապետին հետ քննարկած է ՄԱԿ-ի Ընդհանուր ժողովին արդիւնքները` աւելցնելով, որ եւրոպական կարգ մը պետութիւններ ամէն առումով պիտի բարելաւեն Լիբանանին յատկացուցած իրենց օժանդակութիւնները:
Վարչապետ Սալամ ընդունեց նաեւ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան փոխնախագահ, երեսփոխան Ժորժ Ատուանը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները:
Միւս կողմէ, վարչապետ Սալամի մօտիկ աղբիւրներ հաստատեցին, որ կառավարութիւնը կը գնահատէ առանց նախապայմանի Լիբանանի տրամադրուած որեւէ զինուորական օժանդակութիւն, բացի Իսրայէլի կողմէ:
Այս առումով վարչապետին մօտիկ աղբիւրները նշեցին, որ կ՛ակնկալուի Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերուն կողմէ իրանեան օժանդակութեան մերժումը, սակայն լիբանանեան բանակը կարիքը ունի իրեն տրուած իւրաքանչիւր ատրճանակի:
Նշենք, որ Իրան կը սպասէ պաշտպանութեան նախարար Սամիր Մուքպելի Թեհրան այցելութեան, որ տեղի պիտի ունենայ 14-15 հոկտեմբերին: Իսկ իրանեան ապահովական աղբիւրներ հաստատած են, որ Թեհրան պիտի չզլանայ ահաբեկչութեան դէմ պայքարող լիբանանեան բանակին օժանդակելու առումով:

